2013-02-08 11:39:08

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Հայրապետական Պատգամը։


Պրն. Անթուան Շատէրին, Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի կարգի քահանայապետական շքանշանի տուչութեան առթիւ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանին շքեղ սրահին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը մեծարեց Պրն Անթուան Շատէրը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, ուրախութիւն յայտնեց որ ինք անձամբ կը յանձնէ Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի կարգի քահանայապետական շքանշանը, մեծարեալին շնորհուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ՝ անցեալ հոկտեմբերին։ Ան իր պատգամին մէջ վեր առաւ մեծարեալին արժանիքները անոր տարած անսակարկ ծառայութիւնը ի սպաս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Լիբանանին. նաեւ յիշեց անոր քրիստոնեայի տիպար կենցաղը որուն համար ալ արժանի դարձաւ սոյն գնահատանքին...
Շքանշանի Տուչութեան արարողութեան ներկայ էին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ բարեկամները տիար Շատէրին։ Այս առթիւ կաթողիկէ հայոց հայրապետը մաղթեց որ մեծարեալի կեանքի օրինակին, ու նուիրումի ոգիին հետեւին բոլորը, յատկապէս նոր սերունդը...
Ասպետ Անթուան Շատէր կը շարունակէ նուիրումով ծառայել հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու պատրիարքարանին ի գործ դնելով իր բոլոր կարողութիւններն ու փորձառութիւնները։
Մեծարանքի արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ Տիկին Գլօտէթը՝ շքանշանակիրին կողակիցը , ու որդին պրն. Ժօզէֆը. ընտանեկան պարագաները ու այնտեղ ներկայ բարեկամները։ Հայցելով Աստուծմէ որ զանոնք լիացնէ ՝ ուրախութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան պարգեւներով։










All the contents on this site are copyrighted ©.