2013-02-08 12:49:37

«Մարդկային Իրաւանց Դէտ»ը Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Ընդդիմադիրներու Ձերբակալութիւնը.


Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան՝ Մարդկային Իրաւանց Դէտ Միջազգային Կազմակերպութիւնը քննադատած է Ատրպէյճանի Իսմայիլի շրջանին մէջ անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով ընդդիմադիր գործիչներ Իլկար Մամետովի եւ Թոֆիք Եաքուպլուի չհիմնաւորուած ձերբակալութիւնը. Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին այս մասին հաղորդած է ատրպէյճանական «Contat.az» կայքը:

«Մենք անհանգստացած ենք, որ Իսմայիլլիի դէպքերը սկսած են շահագործուելու՝ կառավարութեան երկու քննադատները լռեցնելու նպատակին համար» ( յայտարարած է կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ Գիտաշխատող Գէորգի Գոգիյեան) : Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ազատ արձակեն Մամետովն ու Եաքուպլուն, կամ ներկայացնեն անոնց յանցանքը ապացուցող հիմնաւոր փաստեր:
Ատրպէյճանի իշխանութեան կամայական այս ձերբակալութիւնները դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը, որ միաժամանակ մտավախութիւն յայտնած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ իշխանութիւններ կրնան շատ ու շատ դաժան կերպով ճնշել այլախոհները:








All the contents on this site are copyrighted ©.