2013-02-07 15:03:03

Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի Մասնակցողները։


Հինգշաբթի 7 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց դաշնակցային գերմանիոյ ''Land Saar'' նահանգի նախագահը Տիկ Աննէկրէթ Գրամբ Գարրէնպէօր-ին ու անոր ընկերացող պաատուիրակութիւնը։ Ժամը 11,30 Սրբազան Հայրը ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին։ Հուսկ` ժամը 12,15 անց, Նորին Սրբութիւնը, Գլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի մասնակցողները։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իրենց հետ հանդիպելուն համար, ու ապա յայտնեց արդիւնաւոր աշխատանքի բարեմաղթութիւններ '' երիտասարդական մշակոյթներու'' մասին գումարուած իրենց լիանիստ ժողովի համար։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա նշեց թէ` ''այսօրուայ մշակոյթի համայնապատկերը միշտ աւելիով հատուկտոր է եւ շարունակ յեղաշրջումի ենթարկուած, ներառեալ ընկերային հաղորդամիջոցները, արդի հաղորդակցութեան միջոցները որոնք կը յառաջացնեն մտածելակերպի, սովորութիւններու եւ վարուելակերպի փոփոխութիւններ''։
Կը հանիպինք յաճախ անկայուն վիճակի մը որ, բացի քաղաքական ու տնտեսական ասպարէզներէն, կ՛ընդգրկէ նաեւ մշակոյթը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց - Անորոշութեան վիճակը որ կը բնորոշէ շատ մը երիտասարդներ կը մեկուսացնէ ու զանոնք բացակայ կը դարձնէ ընկերային պատմական եւ մշակութային գործընթացէն։Մեկուսացում մը` որուն հետեւանքը շատ անգամ թմրամոլութիւնն ու բռնութիւնն է։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ դրական իրողութիւններու մասին ինչպէս ''բազմաթիւ երիտասարդներու ձգտումը կամաւոր աշխատանքի միջոցաւ նուիրուելու` իրենց կարիքաւոր եղբայրակիցներու օգնութեան'' կամ ''անոնց ապրած հաւատքի փորձառութիւնն ու վկայութիւնը որպէս Եկեղեցւոյ անդամ'' կամ ալ ''անոնց տարած ջանքերը կառուցելու ընկերութիւններ` կարող յարգելու` մարդու արժանապատութիւնն ու ազատութիւնը յարգել։ Այս բոլորը կ՛օգնէ մեզի աւելի յստակ տեսութիւն մը ունենալու երիտասարդներու մշակոյթի մասին։

Նորին սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց ''երրորդ աշխարհի'' երիտասարդներուն որոնք իրենց ապրելակերպով ''նորայայտ մշակոյթներ'' կը յառաջացնեն որովհետեւ կը յայտնեն խոր պահանջ մը, օգնութեան աղաղակ մը եւ մարտահրաւէրներ որ չեն կրնար անտեսուիլ ոչ քաղաքացիական ընկերութենէն եւ ոչ ալ եկեղեցական հասարակութենէն։

Գիտակից խնդրայարոյց իրավիճակներէն, որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ հաւատքի ու եկեղեցւոյ պատկանելիութեան ոլորտը կը փափաքինք մեր վստահութիւնը նորոգել երիտասարդներուն եւ վերահաստատել թէ Եկեղեցին կը հետեւի անոնց իրավիճակին ու անոնց մշակոյթին որպէս էական ու անխուսափելի հայեցակէտ մը իր հովուական աշխատանքի համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի այս հարցի մասին ուսուցումներէն հատուածներ, ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով իր կարգին թէ ''Եկեղեցին վստահութիւն ունի երիտասարդներու վրայ, եւ պէտք ունի անոնց ու անոնց եռանդին, որպէսզի կարենայ վերանորոգ սլացքով ապրիլ Քրիստոսի կողմէ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը։
Յոյս կը յայտնեմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ Հաւատոյ Տարին ըլլայ նոր սերունդին համար թանկագին առիթ մը վերագտնելու եւ ամրապնդելու Քրիստոսի հետ իրենց բարեկամութիւնը, որմէ կը փխի ուրախութիւնն ու եռանդը բարեփոխելու համար մշակոյթներն ու ընկերութիւնը։ Հուսկ բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.