2013-02-07 13:11:07

Թունուզի Մէջ Ընդդիմադիր Ղեկավարի Մը Ահաբեկումը Բողոքի Ցոյցեր Եւ Անկարգութիւններ Կը Հրահրէ


Թունուզի մէջ ընդդիմադիր ղեկավարներէն Շուքրի Պելիտ մայրաքաղաք Թունուզի մէջ գտնուող իր տան առջեւ ահաբեկուեցաւ: Անոր ազգականները յայտնեցին, որ ան իր վիզէն եւ գլխէն փամփուշտ ստացած է: Յունուար 2011-ին «Արաբական գարնան» սկիզբէն ի վեր ասիկա քաղաքական գործիչի մը ահաբեկման առաջին պարագան է:
Աշխարհիկ քաղաքական գործիչ Պելիտ իսլամական Նահտա կուսակցութեան ղեկավարութեամբ կառավարութեան ականաւոր ընդդիմադիր մըն էր եւ անոր սպանութիւնը ամբողջ երկրին տարածքին բողոքի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ հրահրեց: Պելիտ ձախակողմեան Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան գործավարն էր: Ան շաբաթ օր Նահտա կուսակցութեան կողմէ վարձուած «վարձկաններ» ամբաստանած էր Ժողովրդային ճակատի ժողովի մը դէմ կատարուած յարձակումին համար:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ «սպանութիւնը Թունուզը կը զրկէ իր ամէնէն քաջարի եւ ազատ ձայներէն մէկէն»:
Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքի դատապարտեց Պելիտի սպանութիւնը եւ Ֆրանսա իր այցելութիւնը ընդհատելով վերադարձաւ երկիր: «Մեր խաղաղ յեղափոխութեան բազմաթիւ թշնամիներ կան եւ անոնք վճռակամ են անոր ձախողութիւնը ապահովելու», ընդգծեց Մարզուքի:
Երկրին վարչապետը յայտնեց, որ Պելիտի սպանութիւնը «ահաբեկչական արարք» մըն է, եւ խոստացաւ ամէն ջանք թափել զայն գործադրողը «անմիջապէս» ձերբակալելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.