2013-02-07 14:39:25

Արցախի Եւ Վարդանանց Ճակատամարտի Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Պաշտօնական Յայտարարութիւն Եւ Նախակրթարանի Վարդանանց Տօնակատարութիւն։


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին եւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 5 փետրուարի առաւօտեան,ներկայութեամբ վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին:
Վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մանուելլա Օհաննէսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները իրենց գործունէութեամբ եւ ծառայութիւններով պէտք է հետեւին հերոսներու սրբազան եւ նուիրական ուղիին: Ան նաեւ ըսաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտի եւ Արցախեան պայքարի նահատակները անմահ կը մնան, այնքան ատեն, որ ժառանգորդները կը մնան անոնց արժանի զաւակները:
Ապա Արցախի քայլերգի ունկնդրութեամբ՝ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը՝ պրն. Կրէկուար Գալուստ. ան ըսաւ որ մեր քաջերը կռուեցան Քրիստոսի եւ Հայրենիքի համար, եւ անոնց երթը պիտի շարունակէ գալիք սերունդը:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին «Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւն մը, մասնակցութեամբ՝ նախակրթարանի աշակերտութեան։
Վարժարանի աշակերտուհի՝ Կալի Խաշօլեանի բացման խօսքէն ետք օրուան պատգամը արտասանեց գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան։ Ան ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտին հոգեւոր եւ ազգային արժէքն ու կարեւորութիւնը, ու շեշտեց, որ հայ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան իրենց պատկանելիութեամբ եւ արժէքներէն երբեք զիջում չկատարեն...ապա աւելցուց որ Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթանակը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ վարդաններու երթը կանգ չէ առած:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՝ընդգրկէր ասմունքներ ու երգեր որոնք ստեղծեցին տօնական խանդավառ եւ ազգային մթնոլորտ:
Աշակերտները նաեւ դիտեցին տեսերիզ մը նուիրուած Վարդանանց ճակատամարտին: Հուսկ՝ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը պրն. Կրէկուար Գալուստ փակման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ աշակերտները պէտք է հաւատարիմ մնան Վարդաններու կտակին եւ հաւատքով վերանորոգեն իրենց ուխտը:










All the contents on this site are copyrighted ©.