2013-02-07 13:41:49

Այսօր Հայ Տօնացոյցի համաձայն Տօնն Է Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց


Վարդանանքի ճակատամարտի տօնակատարութիւնը կը կատարենք ամէն տարի եւ ամէն տեղ ուր հայեր կ՝ապրին... այսպէս կը վերանորոգենք մեր ազգային գիտակցութիւնը։
Վարդանանց պատերազմի իրականութիւնը իւրաքանչիւր հայու հոգւոյն ու մտքին մէջ քանդակուած է եւ անիկա կը կազմէ հայուն ազգային հպարտութեան պատմութիւնը։
Հայը մահուան սպառնալիքներուն տակ իսկ դաւանափոխ չեղաւ, չհրաժարեցաւ իր ազգապատկան հոգեւոր ժառանգէն՝ կրօնէն, որով կը շնչէր ան, չվանեց իրմէ իր ազգատոհմիկ բարքը, արմով այժմ իսկ կը գոյատեւեն սերունդներ ամբողջ։
451 թուի գարնան պատահած Աւարայրի ճակատամարտը անկիւնադարձ մը եղաւ համակ հայութեան։
Հայը իր ազգային ինքնութեամբ կրցած է յաղթահարել ամէն խոչընդոտ հենելով հաւատքին , զոր Աստուած Ս Գր. Լուսաւորիչի միջոցաւ շնորհեց իրեն։
Պէտք է պահպանել այդ հաւատքը, յանձն առնելով ամէն զոհաբերութիւն, որովհետեւ առանց երկնային զօրութեան Հայը պիտի չկարենալ գոյատեւել ապրելով պատմութեան դժուարին պայմանները։
Վարդանանքի մարտիկներու գիտակցութիւնը կրօնին, ամուր կը պահէր զիրենք իրենց հաւատքին մէջ։
Հայը կանուխէն հասկցաւ Քրիստոսի պատուէրը թէ պէտք չէ վախնալ անկէ որ կը սպաննէ մարմինը, այլ անկէ որ կը սպաննէ հոգին։
Պարսիկներու բանակը կրնար ֆիզիքապէս վնասներ հասցնել Հայաստանին, ինչ որ դարեր շարունակ ։Հայը ապրած է այդ ծանր փորձառութիւնները. պիտի ապրէր 451 թուականէն անդին ալ։
Աւելի ծանր է հոգւոյ մահը, զոր անկարելի պիտի ըլլար դարմանել, որովհետեւ պիտի փոխէր Հայու դիմագիծը, ու պիտի մերկացնէր Հայը Իր Հայութենէն։
Վարդանանքը կը խորհրդանշէ Հայուն ՜՜Կրօնասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւն եւ ազգասիրութիւնը՝՝։ Որքան ալ մեծ ըլլան վտանգները հայը պիտի չի հրաժարեր այս երեք առաքինութիւններէն, որոնք կ՝ապահեվեն ապագայի գոյատեւման գրաւականը։
Քառասնորդացի պահքի խորհուրդը կը մարմնաւորէ Վարդանանցի Զոհաբերութիւնը։
Մարդ ժամանակաւորապէս հրաժարելով աշխարհայինէն, կը վերազննէ իր հոգեւոր եւ մարդկային կոչումը։
Վարդնանց եւ Պահքի խորհուրդները թող ըլլան նաեւ առիթը մտածելու եւ աղօթելու սուրիահայութեան համար, որոնք մօտ երկու տարիէ ի վեր կ՝ապրին վախի եւ վտանգի ծանր օրեր։
Աղօթենք որ անոնք ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ եւ յուսադրուին Քրիստոսի Յարութեան Իրականութեամբ։
Քրիստոս մեր հաւատքին ուղեցոյցն է, որ մեզ կ՝ուղղէ դէպի լոյս եւ ճշմարտութիւն։ Աղօթենք նաեւ համայն հայութեան համար աշխրհի որ կողմն ալ գտնուին անոնք։ Անոնք Հաւատքի ուրացման եւ ձուլումի սպառնալիքները կ՝ապրին անոնք իւրաքանչիւր օր։








All the contents on this site are copyrighted ©.