2013-02-07 13:11:33

«Սուրիոյ Տագնապը Լուծուելու Պիտի Սկսի, Եթէ Ընդդիմութիւնը Որոշէ Կառավարութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Կաթիլով


Երկխօսութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Կաթիլով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Հռոմի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ տագնապը լուծուելու պիտի սկսի, եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել»:
Ան աւելցուց, որ հարցը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծման հասնիլն է, երկու կողմերը իրարու վրայ բարդուած հարցերու լուծման միջոցներ փնտռելու համար երկխօսութեան սեղան նստելու համոզելը եւ վերջապէս` երկրին ապագան ճշդելն է: Եթէ ընդդիմութեան ղեկավար Խաթիպը գիտակցի, որ տագնապէն դուրս գալու համար քաղաքական լուծումն ու կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի, ապա լուծումը տեղաշարժ պիտի արձանագրէ»:
Կաթիլով նաեւ յայտարարեց, որ «Ռուսիա կը յուսայ, որ Ճոն Քերրիի արտաքին գործոց նախարար նշանակումէն ետք, սուրիական տագնապին նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն արձանագրուի







All the contents on this site are copyrighted ©.