2013-02-06 13:53:45

Պոմպէի Առաջնորդութիւնը Քարոզարշաւ Կը Կատարէ Կնոջ Արժանաւորութեան Ու Իրաւունքի Ճանաչման Ի Խնդիր։


Պոմպէի առաջնորդ կարդինալ Օսվալտ Կրացիաս քարոզչութիւն մը նախաձեռնած է ''37 միլիոն տիազ` լոյսեր'' անուան տակ Հնդկաստանի կնոջ արժանաւորութեան ու անոր իրաւունքի պաշտպանութեան համար։
''37 միլիոն տիազ` լոյսեր'' կը խորհրդանշեն վերջին տասը տարիներու անյետացած կիներու թիւը` ''արդիւնքը վիժումի, մանկասպաննութեան, բռնաբարումի ու խնամատարութեան պակասի'', կը հաղորդագրէ ''Ասիայի Եկեղեցի'' մամլոյ գործակալութիւնը։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը կիներու ի խնդիր, անմիջական հետեւանքն է այն աննախընթաց ալիքին որ ներկայիս կը յուզէ Հնդկաստանը ի լուր ուսանողուհիի մը սպաննութեան զայն բռնաբարող խումբ մը երիտասարդներու կողմէ։
Թէեւ Հնդկաստանը միջազգային բազմաթիւ համաձայնագրեր ստորագրած է հայող մարդու իրաւունքներուն, մանուկներու ու կնոջ խտրականութեան ի խնդիր, սակայն այդ համաձայնագրութիւնները յաճախ ներհակ են հազարամեայ աւանդութեան մը, որ աղջկան մը ծնունդը կը նկատէ որպէս անէծք։








All the contents on this site are copyrighted ©.