2013-02-06 13:21:51

Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւն։
''Կը Հաւատամ Աստուծոյ. Արարիչ երկինքի եւ երկրի, մարդ արարածին Արարիչը։''


Չորեքշաբթի 6 փետրուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ, շարունակելով ''Հաւատամքի'' մասին իր խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ`

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատամքը կը հաստատէ թէ Աստուած ''արարիչն է երկինքի եւ երկրի։ Անոր ամէնազօրութիւնը կը յայտնուի արարչութեան գեղեցկութեան մէջ։ Սուրբ գիրքը մեզի կը հասկցնէ ամէն բանի խոր ճշմարտութիւնը։ Ծննդոց գիրքը կը վկայէ թէ աշխարհը շարք մը ընդդիմադիր ուժերու միութիւն մը չէ այլ անոր ծագումն ու կայունութիւնը Աստուծոյ մէջ կը գտնուի։
Այրն ու կինը, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն, արարչութեան գլուխ գործոցն են ու ահա այս է անոնց արժանապատութեան անձեռնմխելիութեան խոր իմաստը։

Իր Արարիչին դէմ գործելով մարդ արարածը ինքնիրեն դէմ կը գործէ։ Կը հերքէ իր ծագումը, զԱստուած կ՛ուզէ փոխարինել եւ չ՛ընդունիր չարին ու բարիին սահմաննները։ Նախանձն ու ատելութիւնը կը մտնեն սրտերու մէջ։
Ծննդոց գիրքի ընթերցումէն ի յայտ կու գայ թէ ''սկզբնական մեղքը'' Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններու ոչնչացումն է, հետեւաբար ուրիշներու հետ յարաբերութիւներու ոչնչացում։

Ամէն մարդ արարած կը հանդիպի խանգարուած յարաբերութիւններու աշխարհի մը։ Միայն Աստուած կրնայ զայն ազատել այս կացութենէն։ Իր սիրով, Յիսուս որ նոր Ադամն է` Փրկիչը, կը վերահաստատէ Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ յարաբերութիւնը։ Անոր միջոցաւ խաչը կը դառնայ կեանքի նոր ծառ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ապա ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը - հաւատքը ապրիլ կը նշանակէ ընդունիլ Աստուծոյ մեծութիւնը... չարը իր ցաւի եւ տառապանքի բեռներով, խորհուրդ մըն է որ կը լուսաւորուի հաւատքի լոյսով որ ազատ արձակուելու ապացոյց մըն է։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հոն ներկայ գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն, զանոնք յորդորելով հետեւիլ աւետարանի խօսքերուն, Քրիստոսի հետ հոգեկան միութիւն մը հաստատելով ու դժուար պահերուն նախախնամութեան վստահելով։

Ունկնդրութեան աւարտին, Պօղոս Զ անուան սրահի փոքրիկ սրահնէրէն մէկուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Սան Գարլօ Պորրոմէոյի Քահանայական եղբայրութեան լիանիստ ժողովի մասնակից 20 անդամներուն։

Յայտնենք նաեւ որ Ասդանայի միջկրօնական առաջին վեհաժողովի 10րդ տարեդարձին առթիւ, այս օրերուն, Վատիկան ժամանած է Խազախիստանէն պատուիրակութիւն մը որուն անդամները մասնակցեցան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ու առիթ ունեցան ողջունելու Սրբազան Հայրը իսկ յետ միջօրէին հանդիպում կ՛ունենան Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ ու ապա երեկոյեան կը մասնակցին Սուրբ Աթոռի մօտ Խազախիստանի դեսպանատան կազմակերպութեամբ սարքուած սիրոյ սեղանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.