2013-02-06 13:53:29

Յառաջիկայ Հոկտեմբերին Քրիստոնեայ Ընտանիքներու Ուխտագնացութիւն Վատիկան։


''Ընտանիք ապրէ' հաւատքի ուրախութիւնը''

Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը, յառաջիկայ 26 ու 27 հեկտեմբերին համար նախաձեռնած է քրիստոնեայ ընտանիքներուն ուխտագնացութիւն մը կազմակերել, դէպի ս. Պետրոսի գերեզմանը ։
Ուխտագնացութեան բնաբանն է' ''Ընտանիք ապրէ' հաւատքի ուրախութիւնը''։
Յայտագիրը կը նախատեսէ ս .պատարագ ս. Պետրոսին հրապարակին վրայ եւ յաջորդ օրը` արարողութիւն մը ս. Պետրոս տաճարին մէջ , գլխաւորութեամբ ՝Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ։
Ուխտագնացութիւնը պիտի կատարուի վերակոչելու համար ընտանիքի իրաւունքի 30-րդ դաշնագիրը։
Նշենք որ ընտանիքի համաշխարհային հաւաքը տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆի ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ 2015 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.