2013-02-06 13:52:36

Հայերէնի Ուսուցման Նոր Ծրագիրներու Քննարկում


Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներու կողմէ։
Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին հրաւէրով՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչներու երկու հանդիպումներ որոնց ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ այս տարեշրջանի սկիզբէն կիրարկումի մէջ գտնուող հայերէնի ուսուցման նոր ծրագիրներու գործադրութեան հետ կապուած հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ, մասնակից ուսուցիչները ներկայացուցին կիրարկումին հետ կապուած իրենց վկայութիւններն ու շարք մը դիտողութիւններ եւ առաջարկներ` ուղղուած ծրագիրներու լրամշակման:
Ծրագիրները ստեղծուած էին անցեալ տարուայ ընթացքին` Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, եւ մասնակցութեամբը՝ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներուն:
Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան, բացման իր խօսքին մէջ վեր առաւ կարեւորութիւնը`նշեալ ծրագիրներուն, Լիբանանի հայ կաթողիկէ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման գործի կարգաւորման եւ զարգացման մէջ, եւ խօսեցաւ հետագայ լրամշակումներուն մասին:
Ապա խօսք առաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ տնօրէնը Գր. Նարեկացի կեդրոնին, որ յատկապէս գնահատեց ներկայ ուսուցիչներու մասնակցութիւնը` նշեալ ծրագիրներու ստեղծման աշխատանքներուն մէջ, ան բարձրօրէն գնահատեց Հայ կաթ. վարժարաններու տնօրէններու նախանձախնդրութիւնը` հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ լեզուի ուսուցման ծրագիրներու ստեղծման աշխատանքներու յաջողութեան համար, ինչպէս նաեւ Դոկտ. Կիւլամիրեանի անձնուէր եւ արդիւնաւէտ ղեկավարումը` նշեալ աշխատանքներուն:
Հուսկ դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Հանդիպումներու յաջորդող օրերուն Դոկտ. Կիւլամիրեան այցելեց Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները, տեղւոյն վրայ շարունակելու համար ուսուցիչներու հետ քննարկումները` նշեալ ծրագիրներու գործադրութեան եւ լրամշակման վերաբերեալ:













All the contents on this site are copyrighted ©.