2013-02-05 13:02:24

Տառապող Եկեղեցւոյ Դրամական Արտակարգ Օգնութիւնը Մալիի ու Սուրիոյ


Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տառապող եկեղեցի կոչուած բարեսիրական մարմինը արտակարգ գումարներ տրամադրած է Մալիի ու Սուրիոյ բնակիչներու ի նպաստ։ Մալիի Մոբթի թեմի առաջնորդը` գերապայծառ ֆոնղորօ Տառապող եկեղեցւոյ ուղղած նամակին մէջ կը մատնանշէ ահաւոր կացութիւնը տեղահաներու եւ մասնաւորապէս մանուկներու, որոնք դժուար՜ ու տաժանելի կացութեան մէջ կը գտնուին։
Քահանայապետական բարեսիրական մարմինը դրամական օգնութիւն յատկացուցած է Լիբանան, Յորդանան ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն, յայտնած է հայր Հալեմբա` միջազգային պատասխանատու Տառապող եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմնին, ընդգծելով որ գաղթականները դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ։
Իսկ քրիստոնեաները, զրկուած ապագայի որեւէ հեռանկարէ, եկեղեցւոյ կ'ապաւինին։ Ահա այս պատճառաւ հարկաւոր է օգնութիւններ բաշխել թեմերու ու գարիթասի կեդրոններու միջոցաւ։
Նիւթական պահանջները շատ են, պէտք ենք անոնց ընծայել ուտելիք, դեղօրայք, խմիչք ինչպէս նաեւ հոգեւոր օգնութիւն տալ։ Նշենք որ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիարական մարիմինը` քահանայապետական բարեսիրական մարմին մըն է հիմնուած 1947ին օգնութեան հասնելու կարօտեալներու։ 2011-ին կարողացած է ժողովել 82 միլիոն եւրօ եւ իրականացուցած է 4.600 ծրագիրներ 145 ազգերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.