2013-02-05 13:03:10

Պէյրութ Լոյս Տեսնող ՜՜Ազդակ՝՝ Օրաթերթի Եւ Մեսրոպեան Վարժարանի Տնօրէնութեան Միջեւ Համաձայնագիր՝


Որպէսզի աշակերտները կարելիութիւն ունենան կարդալու սոյն օրաթերթը...
Հայ գրատպութեան 500-ամեակի, քրիստոնէութեան եւ հայրենիքի գերագոյն զոհաբերութեան խորհրդանիշ Վարդանանց ճակատամարտի եւ Արցախեան փառապանծ յաղթանակի 25-ամեակին առիթներուն սեմին, հայ աշակերտին հայ մամուլը հասանելի դարձնելու եւ արեւմտահայերէն ընթերցանութիւնը քաջալերելու մեկնակէտով, ՜՜Ազդակ՝՝ օրաթերթի եւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւններուն միջեւ կայացած՝ անկիւնադարձային եւ կարեւոր գործակցութեան շնորհիւ՝ Մեսրոպեանական աշակերտները ամէնօրեայ դրութեամբ եւ ձրիաբար կը ստանան 10 էջ արեւմտահայերէնով խմբագրուած ՜՜Ազդակ՝՝ օրաթերթը:
Այսպէս՝ Մեսրոպեանի աշակերտները ընթերցելով հայերէն թերթ եւ հետեւին միջազգային, տեղական, համահայկական եւ գաղութային իրադարձութիւններուն, ունենալով լայնախոհ տեսութիւն: Ասիկա նաեւ գործնականապէս լաւագոյն կերպն է սատար կանգնելու արեւմտահայերէնին եւ հայ թերթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.