2013-02-05 13:02:47

Կիպրոսի Հայկական Վանքը Թրքագիտական Կեդրոն Պիտի Չըլլայ


Պոլիս լոյս տեսնող «Մարմարա» օրաթերթի համաձայն. 4 փետրուարին թրքական «Միլլիյէթ» թերթը հաղորդած է, թէ բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ ամերիկեան գումարներով վերանորոգուած հայկական վանական համալիրը պիտի չդառնայ թրքագիտութեան կեդրոն ։
Միշտ ըստ «Միլլիյէթ»ի՝ կիպրաց թուրքերը այս որոշումը տուած են, երբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները առարկած էին, թէ իրենք յիշեալ վանքը թրքագիտական հիմնարկի վերածելու ծրագիրին դէմ են ու նոյնիսկ ազդարարած էին, որ այլ օժանդակութիւններ կրնան դադրեցնել: Հարցը կը վերաբերի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ կառուցուած է 8րդ դարուն։ Եկեղեցին գործած է մինչեւ 1963 թուական, սակայն հայերու գաղթէն ետք անտէրութեան մատնուած է։ Երբ գրաւեալ Կիպրոսի «նախագահ» Տերվիշ Էրօղլու, (կը նշէ «Միլլիյէթ»ը) Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած էր ՄԱԿի մէկ ժողովին, իրմէ հրատապ լուծում պահանջուած է հայկական վանական համալիրի հարցին մասին։ Կղզի վերադառնալէ, ետք Էրօղլու իշխանութիւններուն յանձնարարած էր լուծում գտնել այս հարցին։ Իր կարգին, գրաւեալ Կիպրոսի մօտ Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ճան Քէօնիկ հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Իրսեն Քիւչիւքի հետ եւ շեշտած էր, որ սխալ է թրքագիտութեան կեդրոնի վերածել հայկական վանական համալիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.