Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի
Կեդրոնական Մարմինը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը ուրբաթ մէկ Փետրուարի երեկոյեան
այցելեց Արամ Ա. վեհափառին: 100-ամեակի մարմինը զեկուցեց իրագործուած աշխատանքներուն
եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Վեհափառը գնահատելէ ետք մարմինի տարած աշխատանքները
կատարեց թելադրանքներ` սփիւռքի մէջ նպատակասլաց գործունէութեան, պահանջատիրական ոգին
վառ պահելու եւ ոգեկոչականէն անդին իրաւաքաղաքական միջոցներ որդեգրելու եւ մեր պատմական
բոլոր իրաւունքներու վերականգնման աշխատելու ուղղութեամբ: Ապա, անոնց ծանօթացուց հիմնական
ծրագիրները որոնք մշակուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Անթիլիասի Նահատակաց
մատուռի վերակառուցում, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնում, Ցեղասպանութեան
ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաստատում եւ Պիքֆայայի պատմական յուշարձանին շուրջը նահատակաց
հրապարակի, ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուանները խորհրդանշող քանդակներով յատկանշուած
յուշապատի եւ մատուռի կառուցում: Նկատի ունենալով այս ծրագիրներուն համասփիւռքեան
կարեւորութիւնը` 100-ամեակի մարմինը վեհափառին առաջարկեց այս կեդրոններուն մէջ 100-ամեակի
տարին կազմակերպել համապատասխան տարողութեամբ կեդրոնական ձեռնարկներ: