2013-02-04 13:14:11

«Լիբանանեան Բանակի Նահատակներ "Պաշալանի Եւ Զահրաման Փոխադարձ Հասկացողութեան Ապահովութեան Զոհերը" Շեշտեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ դարձեալ կոչ ուղղեց կառավարութեան Լիբանանի փրկութեան ծրագիր մը մշակելու, երկրին ազգային տնտեսութիւնը ամրապնդելու եւ զայն բարգաւաճեցնելու:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ ապօրինի զէնքեր պարունակող որջերը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը` վերացնել կարենալու համար երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը եւ ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ան շեշտեց, որ իրենք կ՛աղօթեն նաեւ Արսալի մէջ զոհուած(1 փետրուարին) բանակի զոյգ նահատակներ Փիեռ Պաշաալանիի եւ Իպրահիմ Զահրամանի հոգիներուն համար: Ռայի Պատրիարքը հաստատեց, որ անոնք զոհուած են իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ` աւելցնելով, որ ցաւօք բանակի այդ զինուորները «փոխադարձ հասկացողութեան» ապահովութեան զոհերն են եւ այդ պատճառով ալ քաղաքական բոլոր ուժերը կը կրեն անոնց նահատակութեան պատասխանատուութիւնը:
Պշարա Ռայի Պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ բանակին` կոչ ուղղելով Լիբանանեան Պետութեան վերջ մը դնելու գործուած այս բռնարարքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.