2013-02-03 12:55:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 3 փետրուար 2013-ի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան աւետարանէն։

Այօրուայ աւետարանը - ըսաւ Ան - շարունակութիւնն է անցեալ շաբթուայ աւետարանական հատուածին ուր կը խօսուի Յիսուսի Նազարէթ քաղաքի ժողովարանին մէջ կատարած ընթերցումին Մեսիայի մասին, քաղուած Եսայի Մարգարէի գիրքէն ։
Յիսուս կ՛ըսէ ''Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք` իրականացաւ''։Ամէնքը կը վկայեին իրեն ու կը հիանային շնորհքով օծուն խօսքերուն վրայ որ կ՛ելլէին անոր բերնէն։Եւ կ՛ըսէին. ''Միթէ ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞''։ Ինչպէս ըսել ''Նազարէթէն ատաղձագործ'' ի՞նչ ձգտումներ կրնայ ունենալ''։ Ճիշդ այս մերժողական դիրքը կը վերահաստատէ այն ասացուածքը ''Չկայ մարգարէ մը որ ընդունելի ըլլայ իր հայրենիքին մէջ''։
Եւ երբ Յիսուս երկու հրաշքներու օրինակը կը մէջբերէ հաստատելու թէ յաճախ աւելի հաւատք կայ Իսրայելէն դուրս ''ժողովարանին մէջ ամէնքը բարկութեամբ կը լեցուին'' ու ոտքի ելլելով ''զինք քաղաքէն դուրս կը հանեն եւ կը տանին լերան գագաթը այնտեղէն զինք գահավիժելու համար։ Բայց Յիսուս կ՛անցնի անոնց մէջէն եւ կը շարունակէ իր ճամբան։''
Յիսուս չէ եկած փնտռելու մարդոց հաւանութիւնը - կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը - այլ` '' վկայելու ճշմարտութիւնը ''։ Իսկական մարգարէն չի հնազանդիր ուրիշներուն այլ միայն Աստուծոյ ու իքնզինք կը նուիրէ ճշմարտութեան ծառայութեան ի սպաս։
Յիսուս սիրոյ մարագարէն է ու նաեւ մարգարէ ճշմարտութեան։ Ալ աւելի սէր ու ճշմարտութիւն նոյն իրողութիւնը կը կազմեն։ Սուրբ Պօղոսի խօսքերը այսօրուայ ծիսակատարութեան ընթացքին այսպէս կը հնչեն (Ա. Կոր. 13, 4- 6) ''Սէրը համբերող է, սէրը ծառայասէր է եւ չի նախանձիր, սէրը չի պարծենար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր։ Սէրը սեփական շահը չի փնտռեր, չի գրգրուիր, չի չարախօսեր, անիրաւութեան մէջ չի հրճուիր, կը խայտայ ուրախութեան մէջ''։
Աստուծոյ հաւատալ կը նշանակէ նախապաշարումներէ հրաժարիլ եւ ընդունիլ Յայտնուողին դէմքը` Նազարէթի Յիսուսի դէմքը` զայն ճանչնալով ու ծառայելով ուրիշներուն - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը- ու ապա խօսքը եզրափակեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով որպէսզի ''մեզ օգնէ ընթանալու ուրախութեան ու հաւատարմութեան ճանապարհով''։
Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ու բոլորին մաղթելով բարի կիրակի անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.