2013-02-02 11:15:52

Քահանայապետական Նշանակումներ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կարդինալ ֆէրնանտօ ֆինոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու համար Հնդկաստանի Քայլանքաննիի Սռողջութեան Տիրամօր Սրբավայրի 50րդ տարեդարձը եւ հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հաստատման 25րդ տարեդարձը։ Տօնակատարութիւնները տեղի կ՛ունենան 9 - 11 փետրուար 2013։

Նորին Սրբութիւնը ապա գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքին` առողջապահութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը նշանակած է որպէս յատուկ նուիրակ գլխաւորելու համար Հիւանդի 21րդ Համաշխարհային Օրուայ Նշումը որ տեղի պիտի ունենայ գերմանիոյ Ալթոթթինկի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ, յառաջիկայ 11 փետրուարի 2013-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.