2013-02-01 11:51:13

Սուրիոյ Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է:


Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Պէյրութէն Լաթաքիա տանող ճամբուն վրայ` Ժապլէ քաղաքին մօտ զոհուած է հալէպահայ Յովսէփ Աբգարեանը:
Ժապլէ քաղաքին մօտ կրակ բացուած է թաքսիին ուղղութեամբ, որուն պատճառով արձանագրուած է չորս զոհ, որոնցմէ երեքը` արաբներ: Միջադէպը տեղի ունեցած է 2-3 օր առաջ, սակայն միայն հիմա յստակացած է, որ զոհերուն շարքին է նաեւ Յովսէփ Աբգարեան:
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Յովսէփ Աբգարեան պիտի թաղուի Ժապլէ քաղաքին մէջ, եւ միայն քանի մը ամիս ետք անոր դիակը պիտի տեղափոխեն Հալէպ:
Ըստ անոր, Հալէպի մէջ իրավիճակը նոյնն է, մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին:

Իսկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդած է, որ հակառակ անոր որ մայրաքաղաքին մէջ տիրականը վառելանիւթի եւ կազի տագնապն էր, սակայն անցնող քանի մը օրերուն ապահովական զարգացումներ կ՛արձանագրուին մինչեւ օրս խաղաղ շրջաններուն մէջ, ուր պայթուցիկ սարքեր պայթեցան զանազան թաղամասերու մէջ, ինչպէս` Թիժարա, Ատաուի, Զապլաթանի եւ Քուսուր` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Սոյն թաղամասերուն մէջ նաեւ, թիրախ դարձնելով որոշ անձնաւորութիւններ, անոնց ինքնաշարժներուն տակ տեղադրուած էին պայթուցիկ սարքեր, որոնց պայթումով զոհուեցան քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, Դամասկոսի հարաւային արուարձաններուն` Քատամի, Տարէայ, եւ Տումայի մէջ սուրիական բանակի զինուած ուժերը յաջողեցան հալածել զինեալները եւ կործանել զինեալ խմբակներու կեդրոնները` բռնագրաւելով մեծ քանակութեամբ զինամթերք:
Սուրիական աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ այլ արուարձաններու մէջ, ինչպէս` Մլեհա եւ Հաժար Ասուատ, բախումները կը շարունակուին արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ








All the contents on this site are copyrighted ©.