2013-02-01 14:02:27

Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանին Մէջ, Եկեղեցւոյ Եւ Քրիստոնեաներու Պատկանող Դպրոցի Մը Քանդումը,


Սուրիա- Տէյր-Էլ Զորի մէջ ընդդիմադիրներու ու բանակի միջեւ տեղի ունեցած փախումներու ընթացքին, քանդուած են Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցին ու կիրակնօրեայ դպրոց մը, այսպէս հաղորդագրած է Բարձր Ժազիրայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաջնորդը արքեպիսկոպոս Ռոհամ, Վատիկանի ֆիտես մամլոյ գործակալութեան, մատնանշելով որ՝ պատերազմին զոհերն են արաբ, քրիստոնեայ եւ քիւրտ քաղաքացիները։ Եղբայրասպան ու անողորմ այս պատերազմը նախ եւ առաջ քաղաքակրթութեան դէմ պատերազմ մըն է, եւ որուն ամէնքս պարտուած ենք- ըսած է ան։ Պատերազմին աւարտին պիտի գտնուինք քարուքանդ դարձած երկիր մը, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը պիտի ըլլայ որբեր, այրիներ ու աղքատներ։ Ռոհան արքեպիսկոպոսը հարց կու տայ թէ՝ ՜՜ ո՞վ պիտի կարողանայ վերակառուցել տասնեակ տարիներու աշխատանքը, ո՞վ պիտի կարողանայ վերհիւսել իրարու թշնամի դարձած ընկերութիւն մը։ Քրիստոնեայ աշխարհին աղօթքը կը հայցենք, եզրափակած է Արքեպիսկոպոսը, վերագտնելու սրտի խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.