2013-02-01 13:38:00

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Տարեկան Լիանիստ Ժողովը, Նուիրած Է Նոր Սերունդի Ապրած Մշակոյթին։


Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի յառաջիկայ լիանիստ ժողովը, փերտուար, 6-9, նուիրուած է այսօրուայ երիտասարդներու ապրած մշակոյթին։ Մամլոյ ներկայացումին ընթացքին կարտինալ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, յայտնեց իր կամքը, անսալու՝ նոր սերունդի պահանջներուն եւ միաժանակ հաղորդեց որ լիանիստ ժողովը պիտի սկսի հրապարակային համերգով մը, տրուած՝ իտալական ռոգ "The Sun" խումբի կողմէ։ Կարտինալի գնահատումով՝ լիանիստը պիտի հանդիսանայ նոր սերունդին համար շահաբեր առիթ մը, իսկ չափահասներու ու քրիստոնեայ հասարակութեան համար, պարտաւորութիւն մը։ Կարտինալին համար նոր սերունդին բարբառն ու մշակոյթը տարբեր է, սակայն ինչ որ ստոյգ է` ՜՜ապագան անոնց ձեռքն է՝՝։
Լիանիստին յայտագիրը ճոխ է, կը նախատեսէ շօշափել նոր սերունդին հայող տարբեր մարտահրաւէրներ. երիտասարներու ընկերակցութիւնը, բարբառը, հաւատքի մօտեցումը ու անոնց յուզումները։ Երեք օրուայ լիանիստի աւարտին՝ 7 փետրուարին, ժողովականները հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.