2013-02-01 12:39:28

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
ԵՒ ԾՆԱՒ ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄԷՆ


Մեր այսօրուայ սփռումին մէջ պիտի փորձենք բացատրել թէ մեր հաւատքին համար ի՞նչ կը նշանակէ ՝ Քրիստոս ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն:
Մեր նախորդ հաղորդումին մէջ ըսինք թէ Յիսուս Քրիստոս ո՛չ միայն յղացուեցաւ Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ, այլ նաեւ՝ թէ Ան ծնաւ Կոյս Մարիամէն: Հաւատքի այս ուրախալի եւ ցնծալին խորհուրդին, մեզ կը հրաւիրէ ձայնը հրեշտակին, որ առաջինը եղաւ անոր կատարումը աշխարհի աւետելու մէջ. Կ՛աւետեմ ձեզի, ըսաւ, ուրախութեան մեծ առիթ մը ժողովուրդին համար, եւ նաեւ, այդ խօսքին հետ, հրեշտակներուն մեղեդին. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն (Ղուկ. բ, 14):
Այն ատեն է որ սկսաւ իրագործուիլ Աստուծոյ կողմէ Աբրահամի կատարուած սքանչելի խոստումը՝ թէ բոլոր ազգերը Իրմէ պիտի օրհնուէին անոր սերունդին միջոցաւ: Որովհետեւ Մարիամ, որ գերազանցապէս կը ճանչնանք եւ կը պատուենք իբրեւ ճշմարիտ Մայր Աստուծոյ, քանի որ իր ծնած անձը միանգամայն Աստուած է եւ մարդ, Մարիամ կը սերի Դաւիթի ցեղէն:
Բայց եթէ Փրկչին յղացումը բնութեան բոլոր օրէնքներէն վեր է, անոր ծնունդը նուազ վեր չէ, այլ աստուածային է: Եւ ինչ որ բոլորովին հրաշալի է եւ կը գերազանէ ամէն մտածութիւն եւ խօսք, այն է՝ որ ծնած է իր Մօրմէն, որ միշտ մնացած է կոյս: Աստուածաբանութեան մէջ, բացատրելու համար Աստուածամօր միշտ կոյս ըլլալը բնութեան առնուած գեղեցիկ պատկեր մը կը գործածենք, ըսելով թէ ինչպէս արեւուն ճառագայթները կ՛անցնին ապակիէն առանց զայն փշրելու եւ կամ անոր վնասելու, այսպէս ալ Յիսուս Քրիստոս ծնաւ իր Մօրմէն, որ միշտ պահեց կուսութեան առանձնաշնորհութիւնը: Ուստի, պատուելու ենք Մարիամը իբրեւ մայր եւ իբրեւ կոյս: Այս անլուր առանձնաշնորհութիւնը եղաւ Սուրբ Հոգւոյն գործը, ըստ Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Ժողովին հետեւեալ խօսքին. « Յիսուս Քրիստոս մարմնացաւ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ, Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ, եւ մարդ եղաւ»:
Ս. Պօղոս Առաքեալ երբեմն Յիսուս Քրիստոսը կը կոչէ ՆՈՐ ԱԴԱՄ եւ զինք առաջինին կը բաղդատէ, երբ կ՛ըսէ. Ինչպէս որ առաջինը (Ադամ) եղաւ մարդկութեան հայրը, ըստ բնութեան կարգին, այսպէս ալ երկրորդը (Յիսուս) եղաւ, բոլոր մարդոց համար, շնորհքի եւ փառքի հեղինակը: Նմանութեամբ կարելի է Կոյս Մայրը Մարիամ բաղդատել Եւայի հետ: Եւա, հաւատալով օձին, մարդկութեան բերաւ անէծքը եւ մահը. Մարիամ, հաւատալով հրեշտակին, ընդունեցաւ Աստուծոյ բարութենէն, օրհնութիւն եւ կեանք՝ բոլոր մարդոց համար: Եւայի միջոցաւ կը ծնանինք բարկութեան որդիներ, իսկ Մարիամի միջոցաւ կ՛ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզ կը դարձնէ շնորհքի որդիներ: Եւայի ըսուեցաւ պիտի ծնանիս ցաւով, Մարիամ կը ծնանի մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը, առանց ցաւի, պահելով կատարեալ կուսութեան առանձնաշնորհութիւնը:
Մեր յաջորդ սփռումին մէջ պիտի խօսինք Մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանքներուն մասին, որոնք անբաժան իրականութիւններ են մեր քրիստոնէական հաւատքին, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալը կը խոստովանի ըսելով. ուրիշ բան չեմ գիտէր եթէ ոչ խաչուած Յիսուս Քրիստոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.