Եգիպտացի Քաղաքագէտները Ազհարի Ժողովին Ընթացքին Կը Դատապարտեն Բռնարարքները:
Եգիպտական յառաջատար քաղաքական հատուածներէն քաղաքագէտներ երէկ հանդիպում ունեցան Եգիպտոսի
մէջ իսլամական գիտութեանց կեդրոն Ազհարի մէջ` ստորագրելու համար բռնարարքները դատապարտող
համաձայնութիւն մը: Ազհարի ժողովին մասնակցեցան Իսլամ եղբայրներն ու ընդդիմադիր դէմքեր:
Ազհարի մեծ իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի հրաւէրին ընդառաջած էին քաղաքագէտներ, ինչպէս նաեւ
Եգիպտական ղպտի եկեղեցիէն ղեկավարներ հրաւիրուած էին հանդիպումին: Ընդդիմադիր Ազգային
փրկութեան ճակատի անդամ Մոհամետ Պարատէյի ժողովէն ետք յայտնեց, որ ինք «լաւատես» է: «Մեր
տարակարծութիւնները ինչ որ ալ են, անոնք կրնան խաղաղ ճամբով լուծուիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով,
որ «համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն յստակ քայլեր պէտք է գործադրուին»: Իսլամ
եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սաատ
Քաթանի հանդիպումը «պատմական» նկատեց եւ երկխօսութեան շարունակման կարիքը շեշտեց: Նշենք,
որ Պարատէյիէն ձախակողմեան Համտին Սապահիէն եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ամր Մուսայէն
կազմուած Ազգային փրկութեան ճակատը այս շաբթուան սկիզբը մերժած էր երկխօսութիւն կատարելու
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրաւէրը: Հակառակ Ազհարի հանդիպումին, ընդդիմադիր
կուսակցութիւնները այսօր նախագահին դէմ ցոյցեր կը ծրագրեն: Մինչ այդ, սալաֆական Նուր
կուսակցութիւն եւ Ազգային փրկութեան ճակատը գումարած էին ժողով մը, որմէ ետք Նուր կուսակցութեան
ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը տեղեակ
պիտի պահէ ժողովի արդիւնքէն` նշելով, որ ժողովէն բխած յանձնարարութեանց շարքին է բանակին
մասնակցութիւնը երկխօսութեան: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ այդ հանդիպումին պատճառով Նուր
կուսակցութեան 150 անդամներ հրաժարած են կուսակցութենէն: «6 ապրիլ շարժում»-ի գործավար
Ահմետ Մահեր շեշտեց, որ շարժումը կը մերժէ տագնապին մէջ բանակին իբրեւ ազդու կողմ մասնակցութիւնը`
նշելով, որ «պահանջեցինք թատերաբեմէն զինուորներու հեռացումը, եւ անոնց դարձեալ մասնակցութիւնը
ընդունելի պիտի չըլլայ»` աւելցնելով, որ «բանակին առաքելութիւնը երկրին ապահովութեան
պահպանումն է եւ ոչ թէ քաղաքական միջնորդութիւնը»: Եգիպտական նախագահական աղբիւրներ
«Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «բանակը քաղաքական տարակարծութեանց մէջ ներքաշելը աւելի
վնասակար է, քան օգտակար»: