2013-02-01 13:40:42

Արքեպիսկոպոս Լուիս Սաքօ Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարք։


Քաղտէացի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը որ, անցեալ 28 յունուարին, իր ժողովը գումարած էր Հռոմի մէջ, Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրիին նախագահութեամբ, Քաղտէացի եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարք ընտրած է գերապայծառ Լուիս Սաքոն։
Սաքօ Արքեպիսկոպոսը կը յաջորդէ Էմմանուէլ Գ Տէլլի Պատրիարքին որ, տարիքի բերումով, իր հարաժարականը ներկայացուցած էր անցեալ դեկտեմբերին։
Սաքօ Արքեպիկոպոսը որպէս Պապիլոնի Քաղտէացի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք ընտրեց Լուիս Րաֆայել Ա Սաքօ անունը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նորընտիր Պատրիարքին շնորհեց` ''եկեղեցական հաղորդութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.