2013-01-31 12:23:37

Սուրիա-Իսրայէլ Լարուածութիւնը, Հրեայ Պետութեան Հարուածումէն ետք՝ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն Մը։


Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր հարուածած է Սուրիա-Լիբանան սահմանը` առանց տեղն ու թիրախը նշելու:
Լիբանանեան ազգային լրատու գործակալութիւնը, սակայն, կը նշէր որ Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ իսրայէլեան յարձակումի մը մասին լուրը ճիշդ չէ, իսկ Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը կը հաղորդէր , որ Իսրայէլը՝ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն արգիլած է դէպքին շուրջ որեւէ տեղեկութիւն հրապարակել:
«Հաարեց» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ ռմբակոծումի լուրին հրապարակումէն ետք, իսրայէլացիներուն կողմէ կազերէ պաշտպանութեան դիմակներու ապահովումը նկատառելի աճ արձանագրած է: Քիրիաթ Շմոնայի քաղաքապետը յայտնեց, որ լարուած մթնոլորտին պատճառով սկսած են ապաստանարանները քննել:
Աւելի ուշ, Փենթակոնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը Սուրիոյ մէջ թիրախ մը հարուածած է: Երէկ երեկոյեան սուրիական բանակը հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Ռիֆ Տիմաշքի մէջ գտնուող զինուորական գիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.