2013-01-31 12:07:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը:


Հինգշաբթի 31 Յունուար 2013-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Նուիրագործեալ եւ առաքելական կեանքի հաստատութիւններու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ժաօ Պրազ դէ Ավիզ։
Ժամը 11,30-ին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ընդունեց` Իտալիոյ Գամբանիա Մարզի 10 եպիսկոպոսներ գլխաւորութեամբ Նաբոլիի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Գրէշէնցիօ Սեփէի։ Յայտնենք որ 2013-ի յունուար 14-ին սկիզբ առին Իտալիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները որոնք վերջ պիտի գտնեն յառաջիկայ 23 մայիսին Սրբազան Քահանայապետի Ճառով ուղղուած բոլոր իտալիոյ եպիսկոպոսներուն։
Գամբանիայի Եկեղեցական Մարզը կազմուած է 25 թեմերէ։ Մարզին եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Կարդինալ Գրէշէնցիօ Սեփէ` Նաբոլիի Արքեպիսկոպոս։
Մարզը ունի 13,927 քմ քառակուսի տարածութիւն եւ ըստ 2011-ի տուեալներուն 6.074.882 բնակիչ։ Հոն կը գործեն 1827 ժողովրդապետութիւններ ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 3570 քահանաներ ու 593 մնայուն սարկաւագներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.