2013-01-31 12:13:03

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Ու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորուրդի Միացեալ Կոմիտէի Հանդիպումը Վարշաւիա։''Եւրոպայի քրիստոնեայ նոր շարժումները` մարտահրաւէր կամ բարեբախտութիւն''


Յառաջիկայ փետրուար 4-6 Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ու եկեղեցիներու համաշխարհային խորուրդի միացեալ կոմիտէի հանդիպումը, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ` ''հաւատք եւ կրօնասիրութիւն յեղաշրջող Եւրոպայի մէջ.Եւրոպայի քրիստոնեայ նոր շարժումները` մարտահրաւէր կամ բարեբախտութիւն''։
Յայտնենք որ միացեալ կոմիտէն հիմնուած է 1972-ին եւ կը նկատուի երկխօսութեան մեծագոյն ատեանը։ Սովորաբար տարին անգամ մը ժողով կը գումարէ։ Անոր կեդրոնը կը գտնուի Վարշաւիայի լեհական գարիթասի կեդրոնին մէջ։
Նշենք որ Եւրոպայի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հիմնուած է 1959-ին։ Կեդրոններ ունի Ժընեւ, Պրիւքսէլ եւ Սդրազպուրկ։ Անոր մաս կը կազմեն 120 եկեղեցական հասարակութիւններ` օրթոտոքս, բողոքական եւ անկլիգան եկեղեցիներէն, ներառեալ 40 եկեղեցական ընկերակցութիւններ։
Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահն է կարդինալ Բիդեր Էրտօ։ Անիկա կը ներփակէ Եւրոպայի 33 եպիսկոպոսական դասերու նախագահները։ Անոր աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սան Կալ քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.