2013-01-31 12:25:17

«Սուրիոյ Կացութեան Մէջ Արտաքին Ուժերուն Երկակի Խաղը Շատ Վտանգաւոր Է» Կ՝ըսէ Սերկէյ Լաւրով։


«Ռաշա Թուտէյ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ «Սուրիոյ ներկայ կացութեան մէջ արտաքին ուժերու երկակի խաղը շատ վտանգաւոր է»` աւելցնելով, որ «այդ խաղը միայն տագնապի ռազմականացման շարունակման, ատոր սրման, արմատական հոսանքներու, ահաբեկչութեան ու յարանուանական հողի վրայ բռնարարքներու աճի կ՛առաջնորդէ: Արիւնալի քաոսը խաղաղ լուծման այլընտրանքն է եւ քանի երկարի, ատոր շրջանակը կ՛ընդլայնի եւ բոլորին համար աւելի վատ կ՛ըլլայ»:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ տագնապին կողմերը նստեցնելու բանակցութեան սեղան, որուն շուրջ սուրիացիները իրենք պիտի ճշդեն իրենց երկրին ապագայ քաղաքական վարչակարգը:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ յայտարարեց, որ համաձայն է սուրիական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ Պոլսոյ, Գահիրէի կամ Թունուզի մէջ ուղղակի հանդիպում ունենալու` արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը պատրաստելու: Ազգային համաձայնական մարմինը անմիջապէս յայտարարեց, որ Խաթիպի յայտարարութիւնը մարմինին պաշտօնական կեցուածքը չի ներկայացներ, այլ անձնական կեցուածք մըն է:
Միւս կողմէ, երէկ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նուիրատու երկիրներու ժողովը` մասնակցութեամբ 59 պետութիւններու, մարդասիրական 20 կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ ապաստանած շուրջ հինգ միլիոն սուրիացիներուն համար 1.5 միլիառ տոլար ապահովելու համար: Քի Մուն յայտարարեց, որ ժողովը յաջողեցաւ աւելի քան 1.5 միլիառ տոլարի խոստումներ ստանալ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ տագնապը վերջ կը գտնէ այն ժամանակ միայն, երբ քաղաքական լուծում մը կը գտնենք»` շեշտելով, որ «մարդասիրական օժանդակութիւնները սուրիական տագնապը լուծելու համար բաւարար չեն, եւ մենք անմիջական քաղաքական լուծումի մը կարիքը ունինք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.