2013-01-31 12:27:15

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» Կը Յայտարարէ. «Մարդու Իրաւունքներուն Նկատմամբ Պաքուի Ատելութիւնը Անսահման Է» :


«Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը դատապարտած է Պաքուի կեդրոնին մէջ օրեր առաջ պլոկըրներու եւ լրագրողներու դէմ կիրարկուած բռնութիւնները:
Յիշեցնենք, որ 26 յունուարին Պաքուի մէջ չարտօնուած բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ` առ ի զօրակցութիւն Իսմայիլլիի բնակիչներուն, որոնք 23-24 յունուարին բողոքի ցոյցեր եւ անկարգութիւններ կատարած էին` շրջանի ղեկավարի հրաժարականին պահանջով: Սակայն Պաքուի կեդրոնին մէջ ցոյցը քանի մը վայրկեան ետք արդէն ցրուուած էր, ձերբակալուած էին քանի մը տասնեակ մարդիկ, ներառեալ` լրագրողներ եւ պլոկըրներ:
«Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ Ալիեւի վարչակարգին ատելութիւնը անսահման է: Յայտնի իրաւապաշտպաններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու իրաւունքներուն խախտումները անթոյլատրելի են եւ կը նկատուին անձնական վրէժխնդրութեան գործողութիւններ, որոնց նպատակը միւսներուն «դաս տալն» է: Իշխանութիւնները այդ ձեւով կը փորձեն լռեցնել բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը քննադատեն Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սարսափելի վիճակը:
«Այդ ամէնը տեղի ունեցաւ մէկ օր ետք, երբ Եւրոպական խորհուրդը Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերեալ բանաձեւը չընդունեց: Ատիկա (չընդունիլը) հարուած մըն էր երկրին քաղաքացիական հասարակութեան եւ կը վկայէ նաեւ այն մասին, որ իշխանութիւնները հաւատացած են, թէ կրնան անպատիժ ընել այն, ինչ որ կ՛ուզեն…», ազրպէյճանական «Kontakt.az» կայքէջին համաձայն, ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:
Կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ 26 յունուարին ձերբակալուած են նոյնիսկ այն լրագրողները, որոնք լրագրական բաճկոնով եղած են եւ համապատասխան փաստաթուղթ ներկայացուցած: Իսկ իրաւապահները արցունքաբեր կազ օգտագործած են նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ցոյցը ցրուած էր, երեսուն մարդ թունաւորուած է:
«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ` Պաքուին անյապաղ «հասկցնելու», թէ այդպիսի գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային կառոյցներուն առջեւ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.