2013-01-30 12:42:05

Փասատենայի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողը Տարեկան 1.5 Միլիոն “Արցունք” Պիտի Թափէ։


ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Փասատենա քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի ճարտարապետական նախագծման համար յաղթող հանդիսացած է Արուեստի կեդրոնի` ձեւաւորման քոլեճի ուսանողուհի Քեթրին Մենարտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Aysor-ը՝ վկայակոչելով “Los Angeles Times” պարբերականը:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի կոմիտէն գովանաբանած է անոր կողմէ ներկայացուած նախագիծը` զայն անուանելով “զգացական, ազդեցիկ նախագիծ”, որ պիտի ոգեշնչէ գալիք սերունդը:
Քեթրին Մենարտ-ի ձեւաւորման նախագիծի առանձնայատկութիւնը անոր քարէ աւազանի մէջ կանգնեցուած եռոտանի կառոյցն է, որուն վերի մասէն, իւրաքանչիւր երեք վայրկեանին կիյնայ արցունքի կաթիլ մը , որ կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներէն իւրաքանչիւրի կեանքը:
Մէկ տարուան ընթացքին 1.5 միլիոն արցունք պիտի թափուի աւազանին մէջ, եւ այդ թիւը կը խորհրդանշէ 1915-էն մինչեւ 1918 Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն Հայերու Ցեղասպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.