2013-01-30 12:44:30

Տիար Սարգիս Նաճարեանի Մեծարումը Պէյրութի Մէջ։


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, շաբաթ, 26 յունուար 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ Պրն. Սարգիս Նաճարեանին շնորհուած «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»ի կարգի քահանայապետական շքանշանի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի։ Արարողապետն էր հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան։
Քահանայապետական շքանշանը տիար Սարգիս Նաճարեանին շնորհուած էր առ ի գնահատանք անոր երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան եւ հաւատարմութեան Եկեղեցւոյ։
Հանդիսութեան ներկայ էին արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, տեղւոյն ժողովրդապետ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, գերյ. հայր Եղիա ծ.վ. Եղիայեան, գերյ. հայր Յովսէփ ծ.վ. Թոփալեան, հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, մեծարեալին կողակիցը՝ տիկին Զուարթ Նաճարեան եւ հարազատները, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեան, նախկին երեսփոխան Տք. Եղիկ Ճէրէճեան, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Խմբագիրներու Սենտիքայի նախագահ Տիար Էլիաս Աունի, մտաւորականներ, հայ կաթողիկէ համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալին բազմաթիւ բարեկամներ։
Արարողութիւնը սկսաւ երգչախումբի «Հրաշափառ»ով, որմէ ետք Ժոէլ Ղապրօ Նաճարեան ընթերցեց յատուկ աղօթք մը։ Ապա, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան կարդաց օրուան Աւետարանը։ Այնուհետեւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ վեր առաւ մեծարեալին յատկութիւնները իբրեւ մտաւորական եւ բարձր գնահատեց մասնաւորաբար անոր նուիրումի ոգին, հաւատարմութիւնն ու ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ, համայնքին, ազգին, քրիստոնէական, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն։ Նշելէ ետք որ մեծարեալը նախապէս, 16 յուլիս 2004-ին պարգեւատրուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Սուրբ Մեսրոպի» շքանշանով եւ արժանացած է բազմաթիւ այլ գնահատականներու, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ Սրբազան Քահանայապետը առ ի գնահատանք Սարգիս Նաճարեանի եկեղեցասէր ու ազգանուէր արժանիքներուն եւ ծառայասիրութեան զինք կը պարգեւատրէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Կարգի Շքանշանով։ Եւ վերջապէս, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ Սարգիս Նաճարեանին բարի օրինակը ունենայ իր հետեւորդները։
Յետ Վատիկանի մէջ, 24 նոյեմբեր 2012-ին տրուած Քահանայապետական Կոնդոկի ընթերցման Հայր Մաշտոցին կողմէ, զոր ներկաները ունկնդրեցին յոտնկայս, տեղի ունեցաւ Շքանշանի տուչութիւնը ձեռամբ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ։
Աջահամբոյրէն ետք արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ, պարգեւատրեալը ըսաւ թէ մատուցուած ծառայութեան մը պարգեւած հոգեկան բաւարարութիւնը մեծ վարձատրութիւն մը ըլլալով հանդերձ, անցողակի զգացում մըն է, իսկ շքանշանը յուշարար մըն է որ զայն ստացողին տեւապէս կը յիշեցնէ ինքզինք այդ գնահատանքին արժանի պահելու պարտաւորութիւնը։ Ապա ան յայտնեց որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ջանացած է հաւատարիմ մնալ պատանի տարիքին կատարած սկաուտական երդումին՝ ըլլալ խոնարհ ու համեստ եւ ծառայել Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք քաջալերեցին զինք, օգնեցին ու վստահեցան իրեն եւ գնահատեցին իր գործունէութիւնը։ Յուզումով յիշելէ ետք ծնողները եւ իր դաստիարակները, ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան բոլոր այն անդամներուն զորս ճանչնալու եւ որոնց հետ գործակցելու բախտը ունեցած է։ Ըսելէ ետք որ իր անուանակոչութեան առիթով ցարդ իր ստացած նուէրներուն մեծա•ոյնն է որ Սուրբ Սարգիս կը պարգեւէ իրեն, Սարգիս Նաճարեան վստահեցուց թէ շքանշանը պարտաւորեցնող է շարունակելու եկեղեցասէր հայ մարդէ մը ակնկալուած ծառայութիւնը։

Այնուհետեւ, ընտանիքին խօսքը արտասանեց մեծարեալի որդին՝ Միհրան Նաճարեան, որ վեր առաւ մեծարեալին համեստ, խոնարհ, զգայուն եւ հոգատար ընտանիքի հօր արժանիքները։ Իր խօսքի աւարտին, Միհրան ներկայացուց մեծարեալին 7 եւ 5 տարեկան երկու թոռները՝ Փաթիլ եւ Սարգիս, որոնք փոխան իրենց մեծ հօր մատուցուած ծաղկեփունջի, հիացուցին ներկաները դաշնակի վրայ իրենց նուագած եղանակներով։
Արարողութենէն ետք, ներկաները շնորհաւորեցին մեծարեալը եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ընթացքին։

Նշենք, որ այս առիթով լոյս տեսաւ յատուկ գրքոյկ մը, որ կը պարունակէ օրուան արարողութիւնը, Պրն. Սարգիս Նաճարեանի համառօտ կենսագրութիւնը, վկայութիւններ եւ պատմական պահերու լուսանկարներ։









All the contents on this site are copyrighted ©.