2013-01-30 12:20:39

Նախագահ Մուրսի Կը Վերարծարծէ Ազգային Երկխօսութիւնը՝ Մինչ Եգիպտական Բանակի Սպայակոյտի Պետը «Պետութեան Փլուզում»-էն Կը Զգուշացնէ։


Եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտուլֆաթթահ Սիսի երէկ զգուշացուց, որ ներկայ քաղաքական տագնապը «կրնայ պետութեան փլուզման առաջնորդել»: Ան բանակի Դիմատետրի էջին վրայ զետեղուած խօսքի մը մէջ յայտնեց, որ այդպիսի փլուզում մը կրնայ «ապագայ սերունդները վտանգել»:
Սպայակոյտի պետը այդ զգուշացումը կատարեց Սուեզի ջրանցքի երկայնքին կրակմարի դրութեան տակ գտնուող երեք քաղաքներու մէջ բանակային մեծ ուժի մը տեղակայումէն ետք: Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Փորթ Սայիտի, Իսմայիլիայի եւ Սուեզի մէջ հազարաւորներ` անտեսելով հաստատուած կրակմարը, փողոց դուրս եկան: Երեքշաբթի օր ցուցարարները դարձեալ Փորթ Սայիտի մէջ փողոց դուրս եկան` մասնակցելու համար քաղաքին մէջ արձանագրուած վերջին զոհերու յուղարկաւորութեան:
Ընդդիմութիւնը մերժած էր Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան հրաւէրը: Եգիպտոսի նախագահական նախկին թեկնածու Ապտել Մընհեմ Ապուլֆութուհ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «նախագահ Մուրսիի հետ տարակարծիք ենք, սակայն Եգիպտոսի մէջ ազգային երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի»: Իսկ «6 ապրիլ-ժողովրդավարական ճակատ»-ի գործավարը յայտարարեց, որ «ցոյցերուն մասնակից ենք, եւ մեր նպատակը «Իսլամ եղբայրներու պետութեան» տապալումն է»:
Նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ վերջին երեք օրերուն ընթացքին արձանագրուած են 47 զոհեր եւ 1611 վիրաւորներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.