2013-01-30 14:48:53

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Տասներորդ Ժողովին


22-27 յունուար 2013-ին, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը:
Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Եզնիկ արք. Պետրոսեան եւ Շահէ վրդ. Անանեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Օշական արք. Չոլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:
22 յունուարին, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիներուն առնչուած միջեկեղեցական հարցեր:
24-27 յունուարին յանձնաժողովը քննարկեց «Սուրբերը մինչեւ 5-րդ դարուն կէսը եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան եւ հաղորդակցութեան ազդակ եւ սրբադասումը» նիւթը:
24 յունուարին Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Գուրթ Գոխ պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները:
25 յունուարին յանձնաժողովի անդամները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին: Նոյն երեկոյեան, անոնք ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս տաճարին մէջ քրիստոնէական միութեան շաբթուան առիթով պապին նախագահութեամբ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան:
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուարէն 4 փետրուար 2014-ին` Հնդկաստանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.