2013-01-29 12:04:57

Նալպանտեան-Մամետեարով Հանդիպումը՝Փարիզի Մէջ։


Յունուար 28-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ Մինսկի Մումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովի, Ժաք Ֆորի, Եան Գելլիի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի հանդիպումը: (Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ լրատուական բաժինէն) :
Համանախագահները շարունակեցին նախարարներու հետ քննարկումները խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով նախորդ տարուան Հոկտեմբերին կողմերուն փոխանցուած աշխատանքային առաջարկի շուրջ: Անոնք նաեւ մտքեր փոխանակած են վստահութեան ամրապնդման հնարաւոր միջոցներու վերաբերեալ:
Համանախագահները, յղում կատարելով 2011 Ապրիլ 14–ին եւ 2012 Յուլիս 13-ին իրենց կողմէ եղած յայտարարութիւններուն, նախարարներու հետ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանէն եւ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի օդակայան քաղաքացիական թռիչքներուն առնչուող հարցեր:
ԱԳ նախարարներն ու համանախագահները ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կարեւորութիւնը, իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ձեւաչափ: Արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են խաղաղ կարգաւորման գործընթացին իրենց աջակցութիւնը եւ բանակցութիւնները շարունակելու իրենց վճռականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.