2013-01-29 12:02:28

Եգիպտոսի Մէջ Բախումներ եւ Զոհեր։Առաւել Իշխանութիւն Բանակին։ Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Մերժեց Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը։


Մոհամմետ Մուրսիի հաստատած ՝՝կրակմարի դրութիւնը՝՝ Եգիպտոսի երեք քաղաքաներուն մէջ (Սուէզ-Փորթ Սաիտ եւ Իսմայիլիա) Ձախողած։ Հազարաւոր Եգիպտացիներ մարտահրաւէր կարդալով կարգադրութեան՝ փողոց իջան ։
Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը երէկ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երէկ գիշեր նախատեսուած ազգային երկխօսութեան հրաւէրը` նշելով, որ ազգային հաշտութեան գոյացման միակ միջոցը լուրջ երկխօսութիւնն է եւ ոչ թէ ձեւականը, եւ երկխօսութեան մասնակցութեան համար ճշդեց երեք նախապայմաններ.1) Նախագահը պէտք է ստանձնէ դէպքերուն պատասխանատուութիւնը, 2) Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի եւ 3) Սահմանադրութեան բարեփոխման ՝՝հաւասարակշռուած՝՝ յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի:
՝՝Սահմանադրութիւն՝՝ կուսակցութեան ղեկավարը Մոհամետ Պարատէհի յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ հարցը իմաստուն ղեկավարութեան, ազատութեան եւ ընկերային արդարութեան բացակայութիւնն է` աւելցնելով, որ լուծումը պէտք չէ ապահովական ըլլայ` այլ ժողովուրդին Եգիպտոսի փրկութեան մասնակցութեամբը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Մուրսիի հրաւիրած երկխօսութիւնը ձեւական է եւ ոչ թէ առարկայական: «Մենք Եգիպտոսի մէջ տագնապի լուծման համար ՝՝լուրջ՝՝ որեւէ երկխօսութեան հետ ենք… որեւէ ՝՝լուրջ՝՝ երկխօսութեան պիտի մասնակցինք, եթէ նախագահը շարք մը պայմաններու համաձայնի» (ըսաւ ան) :
Երէկ եւս երկրին տարածքին բռնարարքները շարունակուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.