2013-01-29 12:55:02

«Թուրքիոյ Մէջ 24 Ապրիլին Հայ Զինուորը Սպաննելը Պատահական Չէր» Կ՛ըսէ Քիւրտ Երեսփոխան Նուրսել Այտողան։


Տիգրանակերտի օդուժի երկրորդ զինուորական դատարանին մէջ տեղի ունեցած է զինուորական ծառայութեան ժամանակ 24 ապրիլ 2011-ին, մէկ այլ զինուորի կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի դատական հարցով հերթական դատական նիստը:
Թրքական «Տիարպեքիրսէօզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութեան գործով հերթական նիստի ընթացքին դատարանը դարձեալ այս հարցով կասկածեալ Քըվանչ Աղաօղլուի դէմ կալանման որոշում չէ տուած:
Անդրադառնալով այս ամօթալի դատավարութեան` քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Տիկին Նուրսել Այտողան նշած է, որ Սեւակի մահը պատահականութիւն չէր:
«Հայերու կոտորածի օր հանդիսացող 24 ապրիլին այսպիսի բան տեղի ունենալը ցոյց կու տայ, որ անիկա պատահականութիւն չէր: Անիկա յատուկ մշակուած սպանութիւն էր» ( ըսած է քիւրտ երեսփոխանը) :
Նշենք, որ Սեւակի զինուորական պարտադիր ծառայութեան աւարտին մնացած էր 23 օր, երբ 24 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ան սպաննուած էր մէկ այլ զինուորի` Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.