2013-01-28 13:28:24

Տոմենիքեան Հայրերու Համացանցային Հոգեւոր Կրթութիւնը Քառասնորդաց Շրջանին։


ֆրանսայի տոմենիքեան հայրերը 13 փետրուարէն 31 մարտ մտադիր են կրկնել անցեալ տարուայ փորձառութիւնը, հոգեւոր կրթութիւն կազմակերպելով ընկերային հաղորդակցութեան ցանցի միջոցաւ, ի պատրաստութիւն Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան տօնին։
''Հոգեւոր կրթութիւն քաղաքին մէջ'' նշանաբանով տոմենիքեան հայրերը քառասնորդացի շրջանին կարճատեւ մտածականներ, աղօթքի դիտաւորութիւններ ու շարականներ պիտի ուղարկեն ընկերային ցանցի միջոցաւ։ Նշենք որ 2012-ին ''Հոգեւոր կրթութիւն քաղաքին մէջ'' նախաձեռնութեան, հետեւած էին աւելի քան երեք միլիոն հոգի կատարելով հոգեւոր կրթութիւն։ Հոգեւոր կրթութեան կայքն է՝ www.caremedanslaville.org,








All the contents on this site are copyrighted ©.