2013-01-28 13:28:01

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Սուրիոյ Զինեալ Բախումներուն Եւ Դիմելու Երկխօսութեան։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց զօրակցելու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալու պատերազմական վիճակին եւ Սուրիոյ զինեալ բախումներուն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ սուրիացիները եւս կարիք ունին ազգային երկխօսութեան` լուծելու համար իրենց դիմագրաւած տագնապը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է արգիլէ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ պէտք է իր հակակշիռին տակ պահէ Լիբանանի սահմանները, որպէսզի այն տեղէն դէպի Սուրիա զինեալներ մուտք չկարենան գործել:








All the contents on this site are copyrighted ©.