2013-01-28 13:12:54

Եգիպտոսի Տարածքին Խռովարարութիւնները Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն։ Արտակարգ Դրութիւն Երեք Քաղաքաներու Մէջ։


Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Փորթ Սայիտ, Սուեզ եւ Իսմայիլիա քաղաքաներուն 30 օրուան տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: Ան այս քաղաքներուն մէջ երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն հաստատեց, նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերը այսօր երկխօսութեան հրաւիրեց:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Փորթ Սայիտի մէջ անցեալ փետրուարին ֆութպոլի դաշտի մը մէջ 74 անձերու սպանութեան հարցով 21 անձերու դէմ մահապատիժի վճիռի արձակումէն ետք տեղի ունեցած խռովարարութիւններուն պատճառով 31 զոհեր եւ 445 վիրաւորներ արձանագրուած են:
Ամբաստանեալներու համակիրները փորձեցին Փորթ Սայիտի կեդրոնական բանտ ներխուժել եւ ոստիկանատուներու դէմ յարձակումներ գործեցին:
Բռնարարքները երէկ եւս շարունակուեցան, հակառակ բանակային ուժերու տեղակայման: Աղեքսանդրիոյ մէջ ալ բախումներ տեղի ունեցան նահանգապետարանի շէնքին առջեւ:
Հետաքրքրական զարգացումով մը ապահովական ուժեր արգելք հանդիսացան, որ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմ Փորթ Սայիտի մէջ սպաննուած երկու ոստիկաններու յուղարկաւորութեան մասնակցի: Ան մզկիթ հասնելէ ետք ստիպուեցաւ հեռանալ, երբ մզկիթին մէջ ներկայ գտնուողները սկսան բացագանչել «դուրս, դուրս, դուրս ե՛լ»:
Փորթ Սայիտի մէջ ոստիկանատունը հրկիզուեցաւ եւ եգիպտական բանակը ստիպուեցաւ յարձակում գործողները ետ մղելու համար դէպի օդ կրակ բանալ :








All the contents on this site are copyrighted ©.