2013-01-28 13:18:28

«Սուրիոյ Մէջ Իշխանութիւնը Պահելու Ասսատի Կարելիութիւնները Հետզհետէ Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Տիմիթրի Մետվետեւ։


Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ «Սի.Էն.Էն.»հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը պահելու նախագահ Պաշշար Ասսատի կարելիութիւնները հետզհետէ կը նուազին»: Ան միջազգային եւ շրջանային ուժերուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն աջակցելու:
«Ասսատ քաղաքական բարեփոխումներ կատարելու ընթացքին սխալ գործեց: Այդ ամէնը պէտք էր աւելի արագ տեղի ունենար եւ ան պէտք էր սիրաշահէր չափաւորական ընդդիմութիւնը, որ պատրաստ էր բանակցութեանց սեղան նստելու: Այդ մէկը իր կողմէ գործուած մեծ սխալ մըն էր եւ թերեւս մահացու սխալ մը»( նշեց Ռուսիոյ վարչապետը):
Մետվետեւ յարեց որ «Ռուսիա երբեք չըսաւ, որ իր նպատակը ներկայ քաղաքական վարչակարգը կամ նախագահ Ասսատը պահելն է: Ատիկա սուրիացի ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Սուրիացի ժողովուրդը բազմաթիւ ազգութիւններէ ու յարանուանութիւններէ կազմուած է եւ այդ հիմամբ պէտք է սիւննիները, շիիները, ալեւիները, տիւրզիներն ու քրիստոնեաները բանակցութեանց սեղան նստին: Միայն այդ պարագային կարելի է համապարփակ ազգային երկխօսութիւն կատարել: Եթէ ոեւէ մէկը այդ երկխօսութենէն հեռու պահուի, քաղաքացիական պատերազմը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով, որ քաղաքացիական պատերազմը ընթացքի մէջ է, եւ ատոր համար պատասխանատուն,( ըստ իս) հաւասարապէս երկրին ղեկավարութիւնն է եւ ծայրայեղական ընդդիմութիւնը, որ մեծ մասամբ ծայրայեղ իսլամականներէ կազմուած է»:
Պատասխանելով «Ասսատը իշխանութենէն հեռացնելու կարելիութեան» մասին հարցումի մը` Մետվետեւ ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր, կը կարծեմ, որ անոր մնալուն կարելիութիւնները օրէ օր, շաբաթէ շաբաթ եւ ամիսէ ամիս կը նուազին, սակայն անգամ մը եւս կը կրկնեմ, այդ մէկը սուրիացի ժողովուրդը կ՛որոշէ եւ ոչ թէ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ այլ երկիր: Ներկայիս հիմնական հարցը ազգային հաշտութեան հոլովոյթի ապահովումն է եւ պէտք է ինչ պատահելիքին մասին մտածենք: Օրինակի համար, եթէ հիմա իշխանութեան հասնի ընդդիմութիւնը, որ սուրիական հողամասերուն վրայ կազմուած չէ, այլ արտասահմանի մէջ, ի՞նչ պիտի ընէ. անիկա պիտի բնաջնջէ իսլամական միւս հոսանքներն ու այլ կրօններու յարանուանութիւնները եւ անիկա այդ մէկը արդէն կ՛ընէ: Ուստի կա՛մ միջազգային ընտանիքի հսկողութեան տակ ազգային հաշտութեան հոլովոյթ մը տեղի կ՛ունենայ, կա՛մ ալ քաղաքացիական պատերազմը անվերջ կը շարունակուի. երրորդ ընտրանք մը չկայ»:
Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասուն յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստ է իշխանութենէն հրաժարելու, եթէ սուրիացի ժողովուրդը այդ մէկը ընդունի»` նշելով, որ «այսպէս կոչուած «Արաբական Գարնան» բոլոր երկիրները աղքատութիւն, գողութիւն եւ իրենց բնակչութեան մէջ ներքին կռիւներ կ՛ապրին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.