2013-01-27 10:40:41

27 Յունուար "Օր Յիշատակութեան Ողջակիզումի" ։


27 Յունուարը հրեաներու ողջակիզումի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման Միջազգային Օրը՝Հռչակուած է 2005ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ։
Իտալիոյ մէջ ՝՝Յիշատակութեան Օրը ՝՝ հաստատուեցաւ 2000ին,Իտալիոյ Խորհրդարանին կողմէ,որպէսզի չմոռցուին ցեղապաշտ օրէնքները,հրեայ քաղաքացիներու հալածանքը, այն բոլոր իտալացիները որոնք ենթարկուեցան աքսորի,բռնագաղթի, բանտարկութեան,մահուան,եւ յիշելու համար նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք նոյնիսկ տարբեր մարզերու եւ դիրքաւորումներու մէջ, դէմ կեցան բնաջնջման ծրագրին,եւ իրենց կեանքը վտանգի մատնելով ազատեցին այլ կեանքեր ու պահպանեցին հալածուածները ։
27 Յունուարը Եւորպայի հրեաներու ցեղասպանպութեան ոգեկոչման համար ընտրուած թուականը կը յիշատակէ 27 Յունուար 1945ը ,երբ Աուշվիցի տխրահռչակ Կեդրոնացման ճամբարներու դռները քանդուեցան Սովետական Միութեան զօրախումբերու կողմէ։
Այսօր 27 Յունուար 2013 այս ոգեկոչման առթիւ Իտալիոյ քաղաքաները կը կազմակերպեն ցուցահանդէսներ,բանախօսութիւններ,այցելութիւններ թանգարաններ եւ սինակոկներ,ինչպէս նաեւ խորհրդածական հանդիպումներ յատկապէս եւ մասնաւորապէս դպրոցներու մէջ՝ նախակրթարաններէն մինչեւ բարձրագոյն վարժարանները յորում կը խօսուի թէ՝ ինչ պատահեցաւ հրեայ ժողովուրդին, տարագրեալ իտալացի զինուորներուն եւ իտալացի քաղաքագէտներուն նացիական ճամբարներու մէջ ,նպատակակէտ ունենալով պահելու ու պահպանելու Իտալիոյ ապագային մէջ ալ այդ մութ շրջանի ողբերգական յիշատակը՝որպէսզի նման դէպքեր բնաւ, ամենեւին չպատահին։








All the contents on this site are copyrighted ©.