2013-01-26 13:31:33

Օրհնութեան Գիր՝ Գերյարգելի Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի Քահանայութեան Յիսնամեակին Առթիւ։


Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանին՝ Թորոնթոյի կաթողիկէ հայոց հոգեւոր հովիւին, քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հետեւեալ ՜՜Օրհնութեան Գիրը՝՝ յղեց յոբելեար վարդապետին։
Գերյարգելի եւ շատ սիրելի վարդապետ,
Քահանայի մը համար, քահանայութեան յիսուն տարիները կը ներկայացնեն իր կեանքին ամէնէն թանկագին մէկ շերտը, ամբողջովին նուիրուած Աստուծոյ եւ հոգիներու ծառայութեան, եւ ապրած հոգեւոր եռանդի ու զոհաբերումի ոգիով, որուն համար պատշաճ է գոհաբանական եւ երախտագիտական աղօթք բարձրացնել առ Ամենակալն Աստուած, «տուիչն ամենայն բարեաց»:
Այդ յիսուն տարիները, սիրելի Վարդապետ, քեզի համար սկիզբ առին, երբ երիտասարդ քահանայ ստանձնեցիր քու ծառայութիւնդ Զմմառեան Միաբանութեան մէջ իբր օգնական ընծայարանի տեսուչին: Որմէ ետք, դուն առաքուեցար Գանատա, դառնալու համար ռահվիրան այդ համայնքին ստեղծումի եւ կազմակերպումի գործին, եւ յարատեւ ջանքերդ ու անխոնջ եռանդդ պսակուեցան Թորոնթոյի շքեղ եկեղեցիի մը շինութեամբ, որ այսօր պարծանքի եւ ուրախութեան պատճառ է համայն գանատահայ գաղութին եւ յատկապէս՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքին համար: Տեղեակ ենք, որ քու երկարամեայ անսակարկ սպասարկութիւնդ այդ հասարակութեան մեծապէս գնահատուած է, ոչ միայն մեր համայնքի զաւակներուն մօտ, այլ նաեւ Հայ գաղութին բոլոր անդամներուն կողմէ: Այդ հետեւանքն է քու լայնամտութեանդ եւ սրտիդ բացուածութեան, որ ուշ կամ կանուխ իրենց պտուղները կու տան, եւ որու այնքան կարիքն ունի մեր ժողովուրդը՝ փոխադարձ սիրոյ եւ հասկացողութեան յարաբերութիւնները ամրացնելու համար:
Այս ոսկեղէն Քահանայական Յոբելեանդ հրճուանքով կը լեցնէ քու հաւատացեալներուդ եւ հոգեկից եղբայրներուդ սիրտը, որոնց թարգմանն ըլլալով կը մաղթենք քեզի առաւել բեղմնաւոր առաքելութիւն, հրաւիրելով քու անձիդ եւ գործունէութեանդ վրայ երկնային լիառատ շնորհքները եւ հայցելով Զմմառու քաղցր Տիրամօր բարեխօսութիւնը:
Հայրական օրհնութեամբ՝† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր երեսուներորդի յամսեանն Նոյեմբերի յամի Տեառն 2012 թուին
Ի չորեքտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ (30/11/2012)








All the contents on this site are copyrighted ©.