2013-01-26 13:28:38

Քահանայապետական Շքանշանի Տուչութիւն, Լիբանանահայ Մտաւորական Տիար Սարգիս Անմահունի Նաճարեանին։


Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը 26- Յունուարին (2013) մեծարեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակ՝ Տիար Սարգիս Անմահունի Նաճարեանը, յանձնելով անոր Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ շնորհուած՝ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական կարգի շքանշանը:
Շքանշանի հանդիսաւոր տուուչութեան արարողութեան ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, բարեսիրական հաստատութիւններու ու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ու յատուկէն՝ մամլոյ ներկայացուցիչներ, մեծարեալի ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները եւ հիւրեր։
Այս առթիւ Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ մեծարեալին՝ գրող- լրագրող ու հասարակական գործիչ Տիար Նաճարեանի արժանիքները եւ ըսաւ.
Դո՛ւք, պարոն Սարգիս, քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով զրահուած, հաւատարիմ մտաւորականը եղած էք նախանձախնդրութեամբ արժեւորելով եւ պաշտպանելով հայ մշակոյթն ու հայ միտքը, թէ՛ լիբանանահայ իրականութեան մէջ եւ թէ՛ Մայր Հայրենիք, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մօտ:
Հոս արժանի է անդրադառնալ ձեր տարիներու կազմաւորման մասին, որ ձեզ հասցուցին այս մակարդակին՝ որպէս գնահատուած լրագրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ, նախ՝ ձեր հօրենական տան եւ ապա՛ ձեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ:
Կարելի չէ նաեւ չյիշել, որ դուք ձեր հոգեմտաւոր պաշարը զարգացուցած էք առաջնորդութեամբ ականաւոր հայ անձնաւորութիւններու, նախ՝ ձեր հայրենասէր հօր, ապա հրապարակագիր եւ պատմաբան՝ Վազգէն Այգունիի, քրիստոնէականի դաստիարակ՝ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի եւ Վարդան եպս. Թէքէեանի, թարգմանիչ՝ Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի, առանց մոռնալու գրականագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր՝ Հրաչ Քաջարենցի եւ վերջապէս՝ ծիսագէտ, բանասէր եւ հրապարակագիր՝ հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանի:
Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Կարգը, Սուրբ Աթոռի հնագոյն Կարգերէն մին է. հաստատուած է 1 Սեպտեմբեր 1831ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծ բարերար՝ երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Նշենք որ Պրն Նաճարեան 2004-ի 16 Յուլիսին պարգեւատրուած էր Պատրիարքական Սուրբ Մեսրոպի շքանշանով:Իր գրական երկար ուղեւորութեան ընթացքին, ան արժանացած է նաեւ ուրիշ բազմաթիւ պատուանշաններու:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը շնորհաւորելով մեծարեալը ըսաւ .
՜՜Թո՛ղ ձեր բարի օրինակը պատճառ դառնայ արժանաւոր նորանոր անձնուէր հոգիներ յարուցանելու ի խնդիր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին ծառայութեան՝՝։
Հուսկ հայցեց աստուածային լիառատ օրհնութիւնները, շքանշանակիրին ու անոր ընտանեկան բոլոր անդամներուն վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.