2013-01-26 13:03:32

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Տիկիններու Վրայ Յարձակումներու Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Հասնի։


Թրքական «ՀապերԷքս» լրատուական կայքը հաղորդեց, թէ վերջին շաբաթներուն Պոլսոյ Սամաթիա շրջանին մէջ հայ տարեց կիներու վրայ յարձակումներուն առնչութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հարցումներ ուղղած է գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ումութ Օրան:
Երեսփոխանը, որ նաեւ կուսակցութեան փոխնախագահն է, հարց տուած է. «Այս յարձակումները անհատակա՞ն բնոյթ ունին, թէ կազմակերպութեան մը կողմէ կը համադրուին: Որո՞նք են այս բռնարարքներուն հեղինակները: Ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել՝ երաշխաւորելու համար Սամաթիոյ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը»: Պատգամաւորը նաեւ շեշտած է, թէ կան վկաներ, որոնք տեսած են յարձակումը իրականացնողները, սակայն ցարդ ոչ ոք ձերբակալուած է յարձակումներուն կապակցութեամբ:
Հայ տարեց կիներու դէմ իրականացուած բռնութեան դէպքերուն մասին թրքական «Զաման»ի մէջ Յունուար 25ին անդրադարձ մը ունի նաեւ սիւնակագիր Նիքոլ Փոփ, որ գրած է, թէ հայերու դէմ ակնյայտ արշաւ մը սկսած է: «Յանցագործները նոյնիսկ կիներուն պայուսակներ չեն գողցած՝ հերքելով գողութեան վարկածը», գրած է ան՝ զարմանք յայտնելով, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, թրքական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կրնան արտօնել, որ ատելութեան վրայ հիմնուած նման յանցագործութիւններու թիւը աճի:
Իր կարգին, Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս» շաբաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիա կը շարունակէ լռել այս յարձակումներուն դիմաց, իսկ Թուրքիոյ հայերուն ձայնը չի՛ լսուիր ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հանրային դաշտերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.