2013-01-25 10:18:44

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՅՂԱՑՈՒՄԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ


(2)
Խօսելով Քրիստոսի յղացումին մասին՝ Սուրբ Հոգւոյն Զորութեամբ, ըսինք թէ, Քրիստոնէական Կրօնքի բացարձակ ճշմարտութիւններէն մէկն է՝ թէ ինչ որ Աստուած Իրմէ դուրս իրագործէ, հաւասարապէս կը պատկանի երեք Անձերուն. մէկը միւսէն անջատ չի գործեր երբեք: Միակ բանը որ Աստուածային երեք Անձերուն հասարակ չէ, որ չի կրնար ըլլալ, յառաջ գալու կերպն է: Այսինքն թէ՝ Որդին ծնած է մի միայն Հօրմէն, մինչ Ս. Հոգին կը բխի Հօրմէն եւ Որդիէն: Բայց, իրենցմէ դուրս գործած ատեն, երեք Անձերը ունին միեւնոյն գործունէութիւնը, առանց ոչ մէկ տարբերութեան:
Սակայն, իրաւ է նաեւ, եւ ասիկայ ի յայտ կու գայ մեր Ս. Գիրքին մէջ, որ երեք Անձերու՝ Հայր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հասարակ բաներ կան , որոնք այս կամ այն Անձին կը յատկացուին, օրինակ՝ Գերագոյն Զօրութիւնը, որուն մասին Խօսած էին կանխաւ, որ կը յատկացուի՝ Հօր, Իմաստութիւնը՝ Որդւոյն, իսկ Սէրը՝ Սուրբ Հոգւոյն:
Եւ քանի որ Մարդեղութեան Խորհուրդը Աստուծոյ՝ մեզի հանդէպ տածած անսահման սիրոյն անվիճելի ապացոյցն է, զայն յատկապէս կը վերագրենք Սուրբ Հոգւոյն: Այս Խորհուրդին մէջ կան թէ գերբնական եւ թէ բոլորովին բնական բաներ: Այսպէս, կը հաւատանք թէ Յիսուսի Քրիստոսի մարմինը կազմուեցաւ իր Կոյս Մօր ամենամաքուր արիւնէն: եւ ասոր մէջ զուտ մարդկային բան մը կը տեսնենք, որովհետեւ ամէն մարդկային մարմին՝ մօր արիւնէն կազմուելու հանգամանքը ունի: Բայց ինչ որ կը ցերազանցէ բնական կարգը եւ մարդուս իմացականութիւնը՝ այն է որ Երանուհի Կոյսը հազիւ թէ տուաւ իր հաւանութիւնը, իր այո-ն ըսաւ Հրեշտակին խօսքերուն, ըսելով. «Ահաւասիկ կամ աղախին Տեառն, եղիցի ինձ ըստ բանի քում», անմիջապէս անոր մէջ կազմուեցաւ Յիսուսի Քրիստոսի ամենասուրբ մարմինը, եւ միեւնոյն վայրկեանին Յիսուս հանդիսացաւ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ: Մենք կը հաւատանք եւ կը դաւանինք որ այդ նոյն րոպէին որ Յիսուսի Քրիստոսի հոգին կը միանար մարմինին, աստուածութիւնն ալ կը միանար այդ երկուգին. հազիւ մարմինը կենդանացաւ եւ կազմուեցաւ, աստուածութիւնն ալ անմիջապէս միացաւ հոգիին եւ մարմինին: Այլ խօսքով՝ Յիսուս Քրիստոս եղաւ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ, եւ Ամենասուրբ Կոյսը կրցաւ ճշմարտապէս եւ իրապէս կոչուիլ Մայր Աստուծոյ եւ մայր մարդկութեան, որովհետեւ, այդ րոպէին յղացած էր Աստուած-մարդ մը:
Բայց ինչպէս որ Յիսուսի Քրիստոսի մարմինը կազմուեցաւ, ինչպէս ըսինք, ամենամաքուր Կոյսին արիւնէն, ե՛ւ այս՝ ո՛չ թէ մարդկային ձեւով, այլ մի միայն Սուրբ Հոգւոյն զորութեամբ, այսպէս ալ, Անոր հոգին, գոյութեան առաջին վայրկեանին, ընդունեցաւ Աստուծոյ հոգւոյն լրումը, անոր բոլոր տուրքերուն առատութեամբը մէկտեղ: Որովհետեւ, ըստ Ս. Յովհաննէսի վկայութեան, Աստուած անոր չափով չտուաւ հոգին, ինչպէս կ՛ընէ ուրիշ մարդոց համար զորս կ՛ուզէ ճոխացնել եւ սրբացնել իր շնորհքով, այլ անոր հոգիին մէջ հոսեցուց շնորհքի առատութիւն մը, որ ըստ Յովհաննէսին, մեզի ամէնուս կարելի կը դառնայ ընդունիլ իր կատարելութենէն (Յով. 1, 16):
Վերջապէս, պէտք չէ ըսել որ Յիսուս Քրիստոս որդեգիրն է Աստուծոյ, թէպէտ ստացած ըլլայ այդ հոգին, զորս սուրբերը կը դարձնէ Աստուծոյ որդեգիրներ. Ան Աստուծոյ Որդին է իր բնութեամբը, եւ հետեւաբար չի կրնար ընդունիլ ո՛չ որդեգրութիւն եւ ոչ ալ որդեգիրի տիտղոս:
Մեր յաջորդ յաղորդումին մէջ պիտի տեսնենք թէ մեր հաւատքին համար ի՞նչ կը նշանակէ ՝ Քրիստոս ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.