2013-01-25 12:22:34

''Սուրբ Երկրի Խաղաղութեան Համար Աղօթքի Միջազգային 5-րդ Օր''


''խաղաղութիւն կը սերմանմէ Ան որ կեանքը կը սիրէ ու անոր ամբողջականութեան կը ծառայէ''Արդարութիւն եւ

խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի հովանաւորութեամբ` կիրակի 27 յունուարին կը նշուի ''Սուրբ Երկրի խաղաղութեան ի նպաստ Աղօթքի Միջազգային 5-րդ Օրը'' որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի աւելի քան 3000 քաղաքներ։

Այս առթիւ վերոյիշեալ Խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Թուրքսոն պատգամ մը ուղղած է որուն նիւթն է ''խաղաղութիւն կը սերմանմէ ան որ կեանքը կը սիրէ ու անոր ամբողջականութեան կը ծառայէ''։

Կարդինալ Թուրքսոն, իր պատգամին մէջ, կը վերյիշէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ յղած պատգամը որուն վրայ հիմնուելով - կը գրէ ծիրանաւորը - ''կարելի է խորհրդածել խաղաղութեան գործիչներու մեր դերկատարութեան մասին''։

Խաղաղութիւնը մարդկութեան Աստուծոյ հետ հաղորդութեան պտուղն է։ Սրբազան Քահանայապետի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը 2012-ի եպիսկոպոսական նոր աւետարանութեան նիւթով սիւնհոդոսի շարունակականութիւնն է - կ՛ընգծէ Կարդինալ Թուրքսոն ու կը շեշտէ ''Խաղաղութիւնը ու խաղաղութեան դաստիարակութիւնը կախում ունին նոր աւետարանութենէն։ Անոր միջոցաւ կարելի է Յիսուսի հետ հանմդիպումը։ '' Ան ապա կը ղարէ` ''Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է եւ միեւնոյն ատեն մարդու աշխատանքի արդիւնքը։''

Կարդինալ Թուրքսոն ապա կը գրէ ''Սրբազան Հայրը կը յայտնէ խաղաղութեան իրականացումի ճամբան որ հիմնուած է ''Մարդկային Կեանքի'' յարգանքին ու անոր զարգացումին վրայ։'' Խաղաղութեան իսկական գործիչները անոնք են որ կը ծառայէն կեանքին իր ամբողջականութեամբ, ըլլայ անձնական ըլլայ հասարակական եւ ըլլայ վերանցնական գետնի վրայ։

Յոյս կը յայտնեմ - կը գրէ հուսկ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը - որ ''Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար Աղօթքի Միջազգային 5-րդ Օր'' ըլլայ առիթ մը որպէսզի մենք զմեզ զգանք որպէս ուխտաւոր եկեղեցւոյ անդամներ որ միշտ աւելի մօտիկ է կարօտեալ մեր եղբայրներուն - ու պատգամը կ՛եզրափակէ խօսքը ուղղելով յատկապէս երիտասրադներուն - ''ձեր կեանքը հիմնեցէք աւետարանի վրայ եւ Յիսուսի ուսուցումին հետեւեցէք որ մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ մեր առօրեայի մէջ եւ ամէնուրէք Խաղաղութեան գործիչներ։''









All the contents on this site are copyrighted ©.