2013-01-25 12:22:45

ԱՄՆի Մայրաքաղաքին Մէջ Քայլարշաւ Ի Նպաստ Կեանքի։


ԱՄՆի արդարութեան գերագոյն ատեանը 1973-ին վաւերացուցած է վիժումի օրէնքը։ Այդ թուականէն սկսեալ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ`''կեանքի ի նպաստ'' անուան տակ յառաջ եկան պայքար մղելու մարդկային կեանքի պաշտպանութեան համար։ Այդ կազմակերպութիւնները կը վայելեն կաթողիկէ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը։
1974էն սկսեալ ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ քայալարշաւներ կը կազմակերպուին կեանքի ի նպաստ։ Ուաշինկթոնի մէջ, այս տարի խորհրդարանին առջեւ հսկայ քայլարշաւ մը կը նախատեսուի եւ որուն կը մասնակցին բազմաթիւ քաղաքան անձնաւորութիւններ։ Նախապէս, նախատեսուած է նաեւ երեկոյեան աղօթքի հսկում մը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան նուիրուած ազգային պազելիքայի մէջ, նախագահութեամբ Պոսթոնի առաջնորդ կարտինալ Օ'Մալլէյի։ Աղօթքի հսկումի աւարտին Տալլաս քաղաքի առաջնորդը` գերապայծառ ֆառել պատարագ պիտի մատուցէ։
26 յունուարին նոյն համաչափով քայլարշաւ մը նախատեսուած է Սան ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.