2013-01-24 12:01:47

Պոլսոյ Մէջ Սարգիս Պալեանի Կառուցած Պալատը՝ Հրոյ Ճարակ։


Երեքշաբթիէն -Չորեքշաբթի, Յունուար 22-23 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հրդեհ մը ծագած է Պոլսոյ պատմական կառոյցներէն մէկուն մէջ, որ ներկայիս(1992էն) կ՛օգտագործուէր որպէս հեղինակաւոր Կալաթասարայի Համալսարանին կողմէ: Փայտաշէն կառոյցը պոլսահայ յայտնի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի (1831-1899) կառուցած պալատն է, որուն երրորդ յարկը ամբողջութեամբ հրկիզուած է, իսկ միւս յարկերը ծանր վնասներ կրած են:
Հրդեհի բոցերը կուլ տուած են նաեւ վեց հազար գիրքեր որոնց միջեւ կային հազուագիւտ հրատարակութիւններ։ Հրդեհը ծագած է շէնքի երրորդ յարկի վրայ ելեկտրականութեան խանգարումի հետեանք ։
Սարգիս Պալեան ՝՝Իպրահիմ Թէֆիք Էֆէնտի ծովեզերեայ Պալատ՝՝ անուամբ կառուցած էր 1871ին Փայտաշէն այդ կառոյցը որ իր ձեղուններուն վրայ կը կրէր հրաշագեղ գունաւոր զարդարանքներ եւ բիւրեղեայ թանկագին ջահեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.