2013-01-24 11:23:09

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օր։
Րիոյի Արքեպիսկոպոսը Սրբազան Հօր Կը Հանդիպի։


Չորեքշաբթի 23 յունուարի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Րիօ Տէ Ժանէյրօյէն հռոմ ժամանած` Երիտասարդութեան 2013-ի Համաշխարհային Օրուայ կազմակերպիչ կոմիտէի 35 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Րիոյի Արքեպիսկոոս` գերապայծառ Օրանի Թէմբեսդայի գլխաւորութեամբ։

Ունկնդրութեան աւարտին պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցան ողջունելու Սրբազան Հայրը ու այս առթիւ Րիո Տէ Ժանէյրօի արքեպիսկոպոսը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յայտնած է թէ ''մեծ ուրախութիւն է Նորին Սրբութիւնը ընդունիլ Րիոյի մէջ'' ապահովցնելով թէ նոյն զգացումը ունին նաեւ աշխարհի բոլոր երիտասարդները։
Գերապայծառ Թէմբեսդա այս յայտնած է Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցնելով որ Սրբազան Քահանայապետը օրհնած է բոլոր կազմակերպչական աշխատանքները։
Րիոյի Արքեպիսկոպոսը հուսկ յայտնած է թէ վերոյիշեալ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պրազիլի թէ եկեղեցական թէ կառավարութեան ներկայացուցիչներ որոնք հռոմ ժամանած են Սուրբ Աթոռի հետ միասին համադրելու աշխատանքները ու Սրբազան Քահանայապետի ապահովական միջոցները։
Գերապայծառ Թեմբեսդա Սրբազան Քահանայապետին ակնարկած է նաեւ թէ այն վայրը ուր պիտի կատարուի աղօթքի հսկումը եւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագը անուանուած է ''Հաւատոյ Դաշտ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.