2013-01-23 13:02:32

Սուրիոյ Հայութեան Աջակցութիւն


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ` հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդներուն հետ։
Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարաններու, երիտասարդական, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները անցնող ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրները: Քննարկումի նիւթ դարձան հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն հետ Ս. աթոռին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքներուն ընթացքը ու նաեւ՝ դպրեվանքը, քահանայից դասընթացքը եւ քահանայից վերաորակաւորման գծով կատարուած նախաձեռնութիւնները: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքն ու ձեռք ձգուած յաջողութիւնները, միաժամանակ շեշտելով ձգտիլ աւելիին, ընդառաջելով հայ ժողովուրդի այլազան կարիքներուն եւ սպասումներուն։
Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղը։ Լայն քննարկումի եւ խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով տարուող աշխատանքները, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, ինչպէս նաեւ Ազգային ընդհանուր ժողովը:
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը թէ՛ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն եւ թէ առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւս առաջնահերթ տեղ գրաւած էր: Վեհափառը յայտնեց, որ կաթողիկոսարանին կողմէ ցարդ ստացուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարին մեծագոյն մասը արդէն փոխանցուած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարան, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր թեմերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ այն բոլոր գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն, որոնք օժանդակած էին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման աշխատանքներուն ծիրին մէջ, վեհափառ շեշտեց սփիւռքի եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ միասնական ոգիով, ծրագրուած աշխատանքով ու պահանջատիրական կեցուածքով 100-ամեակը նշելու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.